2014-10-27 10:55:06

Ուքրանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններ. արեւմտամէտները կ՛ուղղուին դէպի յաղթանակ


Ըստ ընտրողներու մօտ կատարուած հարցախոյզներուն, արեւմտամէտները պիտի ապահովեն Ուքրանիոյ խորհրդարանի աթոռներուն մեծամասնութիւնը: Կը նախատեսուի, որ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի պլոքը ըլլայ մեծագոյնը, իսկ վարչապետ Արսենի Եացենիուքի Ժողովուրդի ճակատ կուսակցութիւնը` 2-րդ մեծագոյնը:
Տոնեցքի եւ Լուկանսքի շրջաններուն մէջ շուրջ երեք միլիոն քուէարկողներ, իսկ Խրիմի մէջ 1,8 միլիոն քուէարկողներ պոյքոթի ենթարկեցին ընտրութիւնները:
Կը նախատեսուի, որ նախնական արդիւնքները հրապարակուին այսօր:







All the contents on this site are copyrighted ©.