2014-10-25 13:39:24

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի գործունէութիւնը, հանդիպում ''Շէօնշթաթ'' կաթողիկէ շարժումի անդամներուն։


(Ռ.Վ. 25 հոկտեմբեր 2014) ''Շէօնշթաթ'' կաթողիկէ շարժումը, անցեալ 16-19 Հոկտեմբեր 2014, Գերմանիոյ Քոբլանս քաղաքին մէջ տօնախմբեց իր հիմնադրութեան առաջին դարադարձի յոբելեանը, աւելի քան 50 երկիրներէն ժամանած ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
''Շէօնշթաթ'' շարժումը կաթողիկէ հաստատութիւն մըն է որ հիմնուած է 1914-ին, հայր Ժոզէֆ Քենդենիխի նախաձեռնութեամբ (1885-1968)։Շարժումը ամէն ջանք կը թափէ ամրապնդելու կաթողիկէ հաստատութիւնը ու նպաստելու Եկեղեցւոյ վերանորոգումին։
Շէօնշթաթ շարժումի հիմնադրութեան հարիւր ամեակի առթիւ, անոր անդամներէն եօթը հազար հինգհարիւր ուխտաւորներ, Հռոմ ժամանած են ուր կը շարունակեն յոբելենական տօնախմբութիւնները, եւ այսօր շաբաթ` 25 հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, առիթ ունեցան յատուկ հանդիպում մը ունենալու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Մինչ վաղը` կիրակի, 26 հոկտեմբերին նախատեսուած է յոբելենական հանդիսութիւններու եզրափակումը` Սուրբ Պետրոսի մէջ Կարդինալ Ֆրանսիսքօ Էրրազուրէսի գլխաւորութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ հանդիպման ընթացքին շարժումի անդամներէն ոմանք հարցումներ ուղղեցին Քահանայապետին ներշնչուելով շարժումի հարիւրամեակի տօնախմբութիւններուն ընկերացող հինգ գլխաւոր նիւթերէն։
Առաջին` Ընտանիքը`որպէս ողջ եւ անդիմադրելի առաջարկ. Ուղղութիւններ աւելի լաւ ընկերանալու մեր եղբայր ու քոյրերուն որոնք իրենք զիրենք ընկալուած չեն զգար Եկեղեցւոյ մէջ
Երկրորդ մանկավարժութիւնը` Մարիամ որպէս մանկավարժ։ Ի՞նչպէս ապրիլ Մարիամի միսիոներական դերը նոր աւետարանութեան եւ Եկեղեցւոյ վերանորոգումի շրջագիծերէն ներս։
Երրորդ` երիտասարդութիւն. Միսիոնար երիտասարդութիւն. Խրատ մը մեր բարեկամները հրաւիրելու մեր հետ կիսելու համար Քրիստոսի մէջ ապրուած լիակատար կեանք մը։ Չորրորդ Ընկերութիւնը ` ի՞նչպէս կարելի է ուրախութիւնը եւ յոյսը չկորսնցնել հակառակ աշխարհի դժուարութիւններուն եւ ժամանակակից պատերազմներուն։ Ի՞նչպէս յարատեւել հիւանդներուն, աղքատներուն եւ տնանկներուն ծառայութեան մէջ։ Եւ հինգերորդ Եկեղեցի` ի՞նչպէս կարելի է օժանդակել եկեղեցւոյ բարենորոգումի ծրագիրին։
Վերոյիշեալ բոլոր հարցումներէն պատասխանելէ ետք Նորին Սրբութիւնը ապա օրհնեց Շէօնշթաթ շարժումի միսիոնարական խաչափայտերը որոնք կը յատկանշեն շարժումի միսիոներական հոգին` աւետարանը հռչակելու ամենուրէք։








All the contents on this site are copyrighted ©.