2014-10-25 10:05:54

Հալածուած քրիստոնեաներու սեւ գիրքը, պտուղը երեք հմուտ հեղինակներու։


800 էջնոց հատորը կը ներփակէ 70 վկայութիւններ, տեղեկութիւններ եւ 17 ազգի պատկան 17 հմուտներու վերլուծումը։

(Ռ.Վ. 25 հոկտեմբեր 2014) ''Աշխարհի մէջ քրիստոնեաներու իրավիճակի սեւ գիրքը'' վերնագիր կրող գիրքը լոյս տեսած է ֆրանսայի մէջ։ Ան կը կրէ ստորագրութիւնը երեք անձնաւորութիւններու. զուիցերացի գերապայծառ Միշէլ տի ֆալքօ-ի, ֆրանսացի տոմինիքեան հայր Դիմոթի Ռատքլիֆի եւ իտալացի պատմաբան Անտրէա Ռիքքարտիի` հիմնադիրը Սանդէճիտիօ հասարակութեան։
Գիրքէն ի յայտ կու գայ որ աշխարհի մէջ 150-200 միլիոն քրիստոնեաներ թիրախ են խտրականութեան ու հալածանքի։ Գիրքին նպատակն է, պատմուած վկայութիւններու միջոցաւ, ի յայտ դնել ու լուսաբանութիւններ տալ այդ հալածանքի դրդապատճառներու մասին եւ մատնանշել որ կրօնական ազատութենէն անդին թշնամանքը եւ ատելութիւնը կարող են խախտել քաղաքակրթութիւնը։
Զուիցերացի գերապայծառ Միշէլ տի ֆալքօ մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. եթէ գիրքին մէջ կը խօսինք քրիստոնեաներու կրած հալածանքի մասին այդ չի նշանակեր որ միայն քրիստոնեաները կը տառապին։ Այս գիրքի տպագրութեան նպատակն է հրաւէր ուղղել ժամանակակից մարդոց`վարուելու որպէս մարդ եւ ոչ որպէս գայլեր։ Աստուած չէ որ պատերազմ կ' ընէ մարդուն։ Տառապանքը որ կը պատճառենք ուրիշին հետեւանքն է մարդոց անմիաբանութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.