2014-10-25 10:15:14

Կիրակի օրուայ Աւետարանական ընթերցում Մատթ 24, 27-36


27 Քանի որ ինչպէս փայլակը կ'ելլէ արեւելքէն ու կ'երեւնայ մինչեւ արեւմուտք, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ մարդու Որդիին գալուստը:
28 Որովհետեւ ո՛ւր որ դիակ կայ, հո՛ն պիտի հաւաքուին արծիւները”:
29 “Եւ այդ օրերու տառապանքէն անմի՛ջապէս ետք` արեւը պիտի խաւարի ու լուսինը պիտի չտայ իր փայլը. աստղերը պիտի իյնան երկինքէն, երկինքի զօրութիւնները պիտի սարսին,
30 եւ ա՛յն ատեն մարդու Որդիին նշանը պիտի երեւնայ երկինքի մէջ: Այն ատեն երկրի բոլոր տոհմերը պիտի հեծեծեն, ու պիտի տեսնեն մարդու Որդին` որ կու գայ երկինքի ամպերուն վրայ, զօրութեամբ ու մեծ փառքով:
31 Եւ ան պիտի ղրկէ իր հրեշտակները բարձրաձայն փողով, ու պիտի հաւաքեն իր ընտրեալները չորս հովերէն, երկինքի մէկ ծայրէն մինչեւ միւս ծայրը”:
32 “Թզենիէ՛ն սորվեցէք *առակ մը. երբ անոր ոստերը կակուղնան եւ տերեւները ցցուին` կը հասկնաք թէ ամառը մօտ է:
33 Նո՛յնպէս դուք` երբ տեսնէք այս բոլոր բաները, գիտցէ՛ք թէ մօտ է` դռներուն քով:
34 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Այս սերունդը պիտի չանցնի, մինչեւ որ այս բոլոր բաները ըլլան”:
35 Երկինք ու երկիր պիտի անցնին, բայց իմ խօսքերս [բնա՛ւ] պիտի չանցնին”:
36 “Իսկ այդ օրն ու ժամը` ո՛չ մէկ [մարդ] գիտէ, ո՛չ ալ երկինքի *հրեշտակները, հապա` միա՛յն իմ Հայրս:







All the contents on this site are copyrighted ©.