2014-10-25 09:52:33

Ամերիկեան կրօնական ազատութեան յանձնախումբի գնահատումով կրօնական ազատութիւնը աշխարհի մէջ վատթարացած է ։


(Ռ.Վ. 25 հոկտեմբեր 2014) Ամերիկեան կրօնական ազատութեան յանձնախումբի փոխ նախագահ՝ Ռոպերթ Ժորժի գնահատումով կրօնական ազատութիւնը նահանջ կ`արձանագրէ աշխարհի մէջ։ Ան դիտել տուաւ որ երկրագունդի բնակչութեան 75 տոկոսը կ`ապրի կրօնական պաշտամունքի ու խօսքի ազատութիւնը բռնաբարող վարչաձեւերու տակ։ Այդ բռնաբարումի առաջին թիրախներ են կրօնական փոքրամասնութիւնները։ Ահաբեկիչները ամենայն ազատութեամբ ու անպատիժ կը հալածեն մարդիկը։ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ քաղաքական ու ընկերային անկայունութիւնը ողջ օրինակ մըն է այդ երկիրներու մէջ ապրող փոքրամասնութիւններուն կրած հալածանքին, անոնք ըլլան իսլամ շիիթներ, եզիտիներ ու քրիստոնեաներ։ Փոքրամասնութիւնները նաեւ կը հալածուին Իրանի, Չինաստանի, Նիճերիոյ ու Քուպայի մէջ։
Ռոպերթ Ժորժ դիտել կու տայ որ Եւրոպայի մէջ աշխարհիկ արմատականներու ներկայութիւնը լաւ նշան մը չէ, եւ մտահոգիչ է` մասնաւորապէս իսլամ եւ հրեայ հասարակութիւններուն համար։ Եւրոպայի կարգ մը երկիրներուն մէջ կը փորձեն արգիլել երախաներու թլփատութիւնը եւ որոշ զգեստաւորումներ։ Եթէ այդ` իրականութիւն դառնայ կրօնական այդ փոքրամասնութիւնները իրաւունք պիտի չունենայ հոն ապրելու։
Ամերիկեան կրօնական ազատութեան յանձնախումբի փոխ նախագահ` Ռոպերթ Ժորժի գնահատումով այս իրականութիւնը պէտք չէ մեզ վհատեցնէ այլ ընդհակառակը պէտք է մեզ քաջալերէ աւելի համոզումով պայքար մղելու միջազգային գետնի վրայ։ Կրօնական ազատութիւնը կը մնայ առաջնահերթ եւ ԱՄՆի արտաքին քաղաքականութիւնը ու դիւանագիտութիւնը այդ ուղղութեամբ աւելի պէտք է աշխատին։








All the contents on this site are copyrighted ©.