2014-10-24 09:58:39

''Մարդկութիւնը կը շարունակէ ականատես ըլլալ ցեղասպանութեան նման հրէշաւոր յանցագործութիւններու'' ըսաւ Նախագահ Սարգսեան։


Մենք կը հաւատանք, որ ողջ մարդկութիւնը պէտք է հետեւողական ըլլայ յանցագործութիւններու, յանցագործութեան ճանաչման, դատապարտման եւ ժխտման բացառման հարցով, ըսած է ՀՀ նախագահը: Armenpress.am-ի հաղորդմամբ` այս մասին անդրադարձած է The New York Times-ը:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան այս միտքը բնորոշած է իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին Միացեալ Նահանգներու կառավարութեանն ու հանրութեան ուղղուած հիմնական ուղերձ:
Նոյնիսկ այսօր մարդկութիւնը կը շարունակէ ականատես ըլլալ ցեղասպանութեան նման հրէշաւոր յանցագործութիւններու:
“Պատմութիւնը շարունակելու է կրկնուել մինչեւ անցեալի յանցագործութիւնները յստակ գնահատական չստանան: Այսօր որպէս ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ մենք որոշակի պարտաւորութիւն ենք զգում, քանի որ կրում ենք բացառիկ առաքելութիւն կանխարգելելու ցեղասպանութիւնների կրկնութիւնը”,- ընդգծած է Սերժ Սարգսեան:
Անոր խօսքով` Հայոց Ցեղասպանութիւնը անառարկելի փաստ է` արձանագրուած միջազգային հանրութեան կողմէն, որ ապաստան տրամադրած է հարիւր հազարաւոր հայերու, որոնք փախած են Օսմանեան կայսրութեան ջարդերէն: “Այսօր նոյնիսկ թուրքական հասարակութեան ուսեալ շերտերը հաշտուել են իրենց անցեալի հետ` դէմ դուրս գալով պետութեան պաշտօնական ժխտողական դիրքորոշմանը”,- նշած է Սարգսեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.