2014-10-24 09:28:24

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթռռի մնայուն դէտ Գերապայծառ Աուզայի ելոյթը ՄԱԿ-ի բնիկ ժողովուրդներու համար գումարուած նստաշրջանին։


(Ռ.Վ. 24 հոկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին, տեղի ունեցաւ ՄԱԿ-ի բնիկ ժողովուրդներու նուիրուած նիստը որուն ընթացքին, ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` Գերապայծառ Աուզա, ունեցած ելոյթին մէջ, մեկնելով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղեկագիրէն, որուն մէջ կը նշուի թէ 2015 թուակիր յայտագիրը առիթ կ՝ընծայէ նախաձեռնութիւններ առաջարկելու, դիմագրաւելու համար բնիկ ժողովուրդներու պահանջները, Գերապայծառ Աուզա յայտնեց Սուրբ Աթոռի յանձնարարութիւն որ նման նախաձեռնութիւններ հիմնուած ըլլան բնիկներու ինքնութեան եւ իրենց մշակութային, աւանդութիւններու ինչպէս նաեւ կրօնական դաւանանքի յարգանքի վրայ։ Պատգամի աւարտին գերապայծառ Աուզա վերանորոգեց Սուրբ Աթոռի երկարատեւ յանձնառումը ի սպաս աշխարհի 90 երկիրներու մէջ տարածուած, 370 միլիոն բնիկներու բարգաւաճումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.