2014-10-24 12:15:19

Թարգմանչաց տօնակատարութիւն՝ Մեսրոպեան վարժարանի միջնակարգ բաժանմունքին մէջ


Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի միջնակարգ բաժանմունքի աշակերտները առանձին եւ իւրայատուկ հանդիսութեամբ մը նշեցին Թարգմանչաց տօնը:
Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ, աշակերտուհի Լորի Քէշիշեան հարկ համարեց, որ “Թարգմանչաց տօնը իւրաքանչիւր հայու համար ըլլայ ուխտի վերանորոգման տօն, ուխտ՝ տէր կանգնելու մեր լեզուին եւ յարատեւ կառչած մնալու մեր դարաւոր մշակոյթին, զոր կտակեցին մեզի մեր նախնիները:”
“Ֆարաճեան” հանդիսասրահին մէջ հաւաքուած, աշակերտները նախ դիտեցին յատուկ այս առիթով պատրաստուած՝ քառորդ ժամ տեւողութեամբ տեսաերիզ մը: Տեսաերիզին մէջ ներկայացուած էր Ոսկեդարու ամփոփ պատմութիւնը եւ անոր կերտիչներուն՝ Թարգմանիչներու աւագ սերունդի ներկայացուցիչներուն կենսագրութիւնն ու գրական վաստակը, իսկ երկրորդ մասով՝ Աստուածաշունչ մատեանի տեղն ու նշանակութիւնը հայ գրականութեան ծնունդին եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Տեսաերիզի պատումի մասը կատարած էին Թ. Դասարանի աշակերտներ Էլի Թորանեան, Նազօ Կարապետեան, Եւա Ղազարեան, Արշօ Եագուպեան եւ Պեթի Սուլեան, հսկողութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի տիկ. Թամար Եալմանեանի:
Ապա Թ. դասարանի աշակերտներ ընթերցումներ կատարելով օտարալեզու գրական գործերու, ներկայացուցին անոնց հայերէն թարգմանութիւնները եւ այդպիսով աշակերտներուն փոխանցեցին որոշակի գաղափար մը թարգմանական գործին մասին: Սթէֆանի Հատատ արաբերէնով ընթերցեց լիբանանցի մեծ գրող Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի “Սիրոյ մասին” գրութիւնը, որուն հայերէն թարգմանութիւնը մատուցեց Կասիա Ժինեան, Եւա Ղազարեան ընթերցեց Ուիլիըմ Սարոյեանի “ Հայն ու Հայը”՝ անգլերէն եւ հայերէն, իսկ Պէթի Սուլեան եւ Յովիկ Գոյունեան ընթերցեցին Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած՝ Շարլ Ազնաւուրի «Անոնք ինկան» բանաստեղծութիւնը, ֆրանսերէն եւ հայերէն՝ յաջորդաբար:
Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ մեծապէս գնահատեց հանդիսութեան կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն աշխատանքը եւ մաղթեց, որ հայ աշակերտները բոլոր ձեռնարկումներուն մէջ հետեւին եւ հաւատարիմ մնան նորարարութեան եւ ստեղծագործականութեան հետամուտ Սուրբ Թարգմանիչներու աւանդին:

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի
Տեղեկատուական գրասենեակ







All the contents on this site are copyrighted ©.