2014-10-24 10:29:20

Ընտանիքի հովուական մարտհաւէրները միջին արեւելքի մէջ


RealAudioMP3 Նախագուհութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, 5-19 հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ գումարուուեցաւ «Ընտանիքի հովուական մարտհաւէրները Նոր Աւետարանութեան շրջագիծէն ներս» խորագրով, եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսը: Սոյն Սիւնոդոսին ընդհանուր զեկուցողը եղաւ Կարտինալ Բիդէր Էրտոն, Հունգարիոյ Պուտաբեշտի արքեպիսկոպոսը, իսկ գերապայծառ Պալտիսսէրի` եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարը:
Սոյն ժողովին մասնակցեցան զանազան երկիրներէ 191 Քարտինալներ, Պատրիարքներ, Աւագ Արքեպիսկոպոս եւ Եպիսկոպոսներ, կրօնաւորներ, աշխարհական մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ ոչ կաթողիկէ կամաւոր եղբայրներ:
Արտակարգ Սիւնոդոսի նիստերուն ընթացքին, ժողովական հայրերը անդրադառձան հետեւեալ թեմաներու մասին. որդեծնութեան տագնապը եւ արգելքները, ամուսնութեան թիւին նուազումը, գաղթը եւ անոր հետեւանքները, ոչ քրիստոնեայ հին ու վատ սովորութիւնները եւ զանազան երկիրներէ ընդունուած կամ պաշտօնականացած օրէնքները` ինչպէս ազատ միութիւնները, բնական ամուսնութիւնը, քաղաքական պսակը, բաժնուած ու կրկին քաղաքացիօրէն ամուսնացած զոյգերը, միասերականութիւնը, եւ այլ ոչ քրիստոնէական անկարգութիւններ:
Ներկայ մեր դարուն, քաղաքական յեղաշրջումներուն, տնտեսական տագնապներուն եւ ընկերային անկայուն պայմաններուն հետեւանքով, ընտանեկան կեանքը ենթակայ դարձած է բազմապիսի դժուարութիւններու, որոնք կրնան ոչ միայն թունաւորել ընտենական բոյնին համերաշխ եւ անդորր մթնոլորտին, այլ խախտել նաեւ ամուսնական ամուր կառոյցը: Պէտք է ըսել որ որոշ վատ սովորութիւններ, ինչպիսին կենակցութիւնը, արդեն իսկ գաղտնաբար մուտք գործած է միջին արեւելքի երկիրներու մէջ, յատկապէս Լիբանան: Նոյնպէս ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքի գլխաւոր ցաւերէն եւ հարցերէն մէկն է` անհաւատարմութիւնը: Անհաւատարմութիւնը, միջին արեւելքի հիմնական եւ գլխաւոր հարցերէն մէկն է, եթէ ոչ ամենացաւալին, որ դարձած է շատ մը ընտանիքներու կեանքի մէկ մասը:
Ընտանիքը սակայն, որպէս «ընկերութեան բջիջ», «սրբավայր կեանքի» եւ «տնական եկեղեցի» ինչպէս զայն կ՛որակէ Վատիկանի Բ. Տիեզերական Ժողովը, կը վտանգուի յատկապէս ամուսնալուծումով, ազատ սէրերով եւ այլ զեղծումներով: Սակայն հակառակ այս ցաւալի եւ մտահոգիչ երեւոյթներուն, ընտանեկան կառոյցը, բարեբախտաբար, դարերէ ի վեր կանգուն կը մնայ եւ պիտի մնայ, որովհետեւ այդ է Աստուծոյ կամքը, յայտնուած` ստեղծագործութեան ընդմէջէն եւ վերահաստատուած Քրիստոսի կողմէ:
Կեանքի եւ սիրոյ միութիւնը մարդու եւ կնոջ միջեւ` առաջին եւ կենսական բջիջն է միջին արեւելքի եւ ամբողջ աշխարհի ընկերութիւններուն, հետեւաբար նաեւ ապահով գրաւականը մարդկային եւ հովուական բարօրութեան: Ուստի, յատուտ ուշադրութեան արժանի է այս կեանքի եւ սիրոյ միութիւնը, որուն նպատակն է, ինչպէս կը տեսնենք Ս. Գիրքին մէջ որդեծնութիւնը եւ զաւակներու ֆիզիքական, մտային, եւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը:
Ընտանեկան դաստիարակութեան յաջողութիւնն ապահովող առաջին պայմանը համերաշխ ընտանիքի ներդաշնակութիւնն է: Ընտանիքի մէջ լաւ փոխյարաբերութիւններու, առողջ մթնոլորտի ներդաշնակութեան դէպքին մէջ կ՛աճին հանգիստ, հաւասարակշռուած, եռանդուն ու կենսուրախ մարդիկ:
Ուստի կոչ մը պէտք է բարձրանայ բոլոր ժողովուրդներու ղեկավարներուն, մանաւանդ միջին արեւելքի ղեկաւարներուն նախանձախնդիր ըլլալու իրենց ժողովուրդի բարգաւաճումով, պէտք է իւրաքանչիւր ընտանիքին տրամադրեն ընկերային ապահովութեան բոլոր կարելիութիւնները, որոնց միջոցաւ` իրենց հպատակները արժանավայել կեանք մը կ՛ապրին: Ժողովուրդներու ղեկավարները պէտք է արթուն պահակներն ըլլան հանրային բարոյականին, որովհետեւ առանց բարոյական սկզբունքներուն` ընկերութիւն մը արժանի չէ քաղաքակիրթ կոչուելու:
«Ընտանիքը մարդկութեան աւանդն է»: Ուստի Ո՛չ ոք իրաւունք ունի խախտելու նման հիմնական եւ տիեզերական հաստատութիւն մը, որ մարդկային ընտանիքն է:
Պահն է ձայնը բարձրացնելու եւ վայ ըսելու որոշ պետութիւններու, որոնք կարգ մը ազգային օրէնսդրութիւններ որդեգրած են, որոնք ապօրինին` կը նկատեն օրինաւոր, եւ հակաբնականը` բնական, յանուն չակերտաւոր ազատութեան եւ քաղաքակրթութեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.