2014-10-24 11:14:00

Երուսաղէմի ֆրանչիսկեան հայրերը իրենց մատենադարանը կը բանան հանրութեան ուր կը ցուցադրուին 35 հին ձեռագրեր։


(Ռ.Վ. 24 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2014-ին, բացումը կը կատարուի Երուսաղէմի ֆրանչիսկեան հայրերու ''գիրքերը խաղաղութեան կամուրջ'' նշանաբանով, ձեռագիրերու ցուցահանդէսին որուն ընթացքին հանրութեան կը ցուցադրուին 35 հին ձեռագիրներ։
Երուսաղէմի ֆրանչիսկեան հայրերու մատենադարանը կը ներփակէ զանազան լեզուներով աւելի քան 540 ձեռագրեր, 9-րդ դարէն 19-րդ դար, հայող ծէսի, վարք սրբոցի, ճամբորդութեան ինքնագրութիւններու, բժշկութեան եւայլն... արաբերէն, եբրայեցերէն եւ հայրէն լեզուներով։
Նշենք որ ձեռագիրները վերջերս տեղափոխուած են Երուսաղէմի ֆրանչիսկեան հայրերու մատենադարան, ուր ամփոփուած են աւելի քան հարիւր հազար մատեաններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.