2014-10-23 14:51:18

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 23 հոկտեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 23 հոկտեմբեր 2014) Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կրէնատայի վարչապետ՝ Տիար Քէյթ Միչելը , անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող պատուիրակութիւնը ։Կրէնատայի վարչապետը ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար` կարդինալ Փարոլինին եւ վատիկանի արտգործ նախարար Գերապայծառ Տոմինիք Մամպէրթիին հետ։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու պետութիւններու միջեւ տիրող բարի ու լաւ յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ գնահատուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը երկրին դաստիարակչական եւ մշակութային մարզէն ներս, յատկապէս երիտասարդներուն նկատմամբ։
Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատուեցաւ ընկերութեան զանազան ուժերու միջեւ համագործակցութիւնը հասարակաց բարիքին եւ երկրին բարգաւաճումին ի նպաստ։
Ժամը 10.45-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Ֆրանսայի մօտ Սուրբ Աթոռի Պապական նուիրակը Գերապայծառ Լուիճի Վէնթուրան։ Իսկ ժամը 11.15-ին, ընդունեց Ժողովուրդներու աւետարանումի ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Ֆէրնանտօ Ֆիլոնին. Հուսկ ժամը 12.15-ին, Վատիկանի Քահանայապետերու դահլիճին մէջ , ընդունեց քրէական արդարութեան Միջազգային ընկերակցութեան պատուիրակութիւն մըշ անոնց ուղղելով երկարաշունչ ճառ մը, որուն մէջ Ան շեշտը դրաւ մահապատիժի ջնջումին վրայ եւ դատապարտեց անմարդկային բանտարկութիւնը։ Քրիստոնեաները ու բարի կամք ունեցող մարդիկ այսօր կանչուած են պայքարելու ոչ միային մահապատիժը ջնջելու համար այլ նաեւ բանտարկեալներու իրավիճակը բարելաւելու համար։
Իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ակնարկեց նաեւ մարդավաճառութեան եւ կաշառակերութեան երեւոյթներուն, կոչ ընելով յարգելու միշտ մարդկային արժանապատուութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.