2014-10-23 10:49:44

Օթաուայի մէջ հրացանաձգութիւն։


Երեքշաբթի, 22 հոկտեմբեր 2014-ին, Քանատայի մայրաքաղաք Օթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ հրացանաձգութիւններու շարք մը, որուն ընթացքին զինուոր մը սպաննուեցաւ եւ արձանագրուեցան վիրաւորներ: Դէպքը պատահեցաւ Քանատայի կողմէ ահաբեկչական սպառնալիքի հաւանականութեան մակարդակի բարձրացումէն ժամեր ետք: Նշենք, որ երկուշաբթի օր զինուոր մը սպաննուած էր, երբ իսլամացած անձ մը դիտաւորեալ կերպով ինքնաշարժը քշած էր զինուորներու վրայ: Զոհին կողքին արձանագրուած էր վիրաւոր մը:
Յարձակումները ընթացք առին պատերազմի ազգային յուշակոթողին մօտ, ապա փոխադրուեցան խորհրդարանին եւ առեւտրական համալիրի մը մէջ:
Աւելի ուշ քանատական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ ոստիկանութիւնը յաջողած է սպաննել զինեալը: Ամերիկացի պաշտօնատար մը հաղորդեց, որ Օթաուայի միջադէպէն ետք ամերիկեան¬քանատական օդային պաշտպանութիւնները պատրաստ վիճակի մէջ դրուած են:








All the contents on this site are copyrighted ©.