2014-10-23 10:56:54

Ռայի պատրիարքը կը յայտնէ թէ ինք չ՛օրհներ երկրին սահմանադրութեան խախտումը:


Պէյրութի միջազգային օդակայանէն իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին ինք ընդգծած է, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու պարագային երեսփոխանները սահմանադրութիւնը խախտած կ՛ըլլան, ինչպէս նաեւ ոտնակոխած կ՛ըլլան լիբանանցիներուն իրաւունքը` նկատի ունենալով, որ անոնք որոշ ժամանակի մը համար միայն ընտրած են երեսփոխանները:

Ռայի պատրիարքը աւելցուց, որ ինք իր օրհնութիւնը չի շնորհեր խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին, ինչպէս նաեւ չ՛օրհներ երկրին սահմանադրութեան խախտումը:

Անդրադառնալով նախագահական ընտրութեան` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ի յարգանս խորհրդարանի անդամներուն, իրենք նախագահական թեկնածու չեն առաջադրած:

«Մենք ո՛չ մէկ թեկնածուի դէմ վեթօ դրած ենք եւ ո՛չ ալ այս կամ այն թեկնածուն կ՛ուզեմ պատժել: Հետեւաբար մենք կը հրաւիրենք խորհրդարանը, իր Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերով ընտրելու հանրապետութեան նոր նախագահը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հովուապետական այցելութեամբ մը ուրբաթ օր պիտի այցելէ Սիտնի, ուր 15 օրուան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ աւստրալիացի պաշտօնատարներու եւ մարոնի համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.