2014-10-23 14:51:43

Յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Կարտինալ Փարոլինի պատգամը Ժոզէֆ Ռացինկէր վատիկանեան հաստատութեան միջազգային համագումարին։


(Ռ.Վ. 23 հոկտեմբեր 2014) Ժոզէֆ Ռացինկէր վատիկանեան հաստատութեան կազմակերպած միջազգային համագումարի առթիւ, որ տեղի կ՝ունենայ Հռոմի մէջ 23-էն 25 հոկտեմբեր, Վատիկանի Պետական քարտուղար` Կատինալ Փարոլինը, յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի, պատգամ մը ուղղած է համագումարի մասնակիցներուն որուն մէջ Ան մաղթամք յայտնած որ Եկեղեցւոյ վարպետութեան լոյսի ներքեւ լուսաւորուի այն անքակտելի կապը որ կը միացնէ խաղաղութիւնը՝ մարդու կեանքի յարգանքի հետ այն ձեւով , որ բարի կամք ունեցող մարդոց խաղաղութեան բաղձանքը ամէն օր արմատ գտնէ իրենց սրտերուն մէջ։
Աշխարհայնացած աշխարհի մէջ ուր կը տիրէ մրցակցութիւն եւ պայքարներ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ բարգաւաճել մշակոյթի հանդիպումը հասարակաց բարիքին համար, որ կը սկսի մարդու արժանապատուութեան հանդէպ յարգանքէն որ է հիմը մարդկային համագոյակցութեան։
Կարտինալը Փարոլինը, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապի ուղղած պատգամը եզրափակեց
Հայցելով համագումարին մասնակիցներուն վրայ Քոլոմպիայի պաշտպան Սրբուհի '' Չիքինքիրայի Տիրամօր'' մայրական հովանին։









All the contents on this site are copyrighted ©.