2014-10-23 10:13:35

Խօսէ ինծի Հայ եկեղեցիի մասին


Գիտնականներու համար միշտ ալ հարց ծագած է, թէ ինպէ՞ս հասկցուելու եւ մեկնաբանուելու են դիցաբանութեան պատմութիւնները իրենց այլազան երեւոյթերուն տակ: Այս հարցերուն պատասխանելու հա-մար`Եւրոպայի մէջ ծնունդ առին դիցաբանութիւնը մեկնաբանող զանա-զան դպրոցներ:
ÊáñÑñ¹³Ý߳ϳÝ(simbolique) այս դպրոցին համարա (Քրէօցեր, Մենար), դիցաբանութեան մը պատմածը պէտք չէ բառացի հասկնալ, այլ արտաքինէն անդին`քաղելու ենք կենսափիլիսոփայական գաղափարներ, զորս ժողովուրդ մը առասպելային պատկերներով արտայայտած է, զանոնք սերունդէ սերունդ փոխանցելու համար:
Ստուգաբանական (éthymologique) դպրոցին համար (Մաքս Միւլլէր) դիցաբանութիւն մը հասկնալու ոսկի բանալին` լեզուագիտութիւնն է, որմէ անցնելու ենք ժողովուրդի մը պաշտամունքային բառամթերքը: Ստուգաբանական դպրոցին համար, մախամարդը բառը հնարած է առարկայի մը պատժառած ազդեցութեան համեմատ: Այսպէս, երբ մարդը արեւը կը տեսնէ, անոր փայլէն տպաւորուած` արեւը կը կոչէ §փայլող¦:
Մարդախօսական (anthropologique) դպրոցին հասկացողութեամբ, դիցաբանաութիւնը բնութեան ուժերուն աստուածացումն ըլլալով, սոյն աստուածացումը կատարուած է տուեալ ժողովուրդի մը մտայնութեան, հոգեբանութեան եւ քաղաքակրթական մակարդակին համաձայն:
Պատմագիտական (historique) դպրոցին համար, դիցաբանութեան գործածած առարկաները, արձանագրութիւնները, ծէսերն ու ծիսակատարութիւնները վերագրուելու են իրենց աշխարհագրական պայմաններուն ու վայրին: Անոնք բացատրուելու են պատմական տուեալներուն համաձայն, որոնք այդ վայրին մէջ պատահած են:


(Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն)







All the contents on this site are copyrighted ©.