2014-10-23 10:51:56

Երեւանի մէջ նշուած է բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի ծննդեան 100ամեակը


Երեւանի քաղաքապետարանը, Մուշեղ Իշխանի անուան թիւ 5 հիմնական դպրոցի աշակերտներու եւ ուսուցչական կազմի մասնակցութեամբ, կազմակերպած է բանաստեղծ, արձակագիր, թատերագիր, հրապարակախօս եւ մանկավարժ Մուշեղ Իշխանի 100ամեակին նուիրուած յուշ–երեկոյ: Առնօ Բաբաջայեանի անուան համերգային դահլիճին մէջ ցուցադրուած էին բանաստեղծին կեանքին եւ ստեղծագործական ուղիին նուիրուած փաստավաւերագրական նիւթեր, լուսանկարներ:
Ներկայ էին Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Արամ Սուքիասեան, քաղաքապետարանի աշխատակազմի հանրակրթութեան վարչութեան պետ Գայիանէ Սողոմոնեան, ինչպէս նաեւ գրողներ, սփիւռքահայ հիւրեր եւ աշակերտներ: Քաղաքապետին անունով ողջունելով ներկաները եւ ընդգծելով, որ 2014 թուականը յայտարարուած է Մուշեղ Իշխանի ծննդեան յոբելենական տարի, Արամ Սուքիասեան կարեւոր նկատած է հայ գրականութեան մէջ իրենց ուրոյն դրոշմը ունեցած ստեղծագործողներու մեծարումն ու նոր սերունդի դաստիարակութեան հարցին մէջ անոնց գրական ժառանգութեան դերը:
Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրուած են բանաստեղծին 100ամեակին նուիրուած ասմունքի համաքաղաքային մրցոյթին յաղթած եւ աշակերտական գիտական ընթերցումներու մրցանակին արժանացած աշակերտները: Բանաստեղծին անունը կրող դպրոցի սաներն ու Երեւանի թատրոնի ու շարժապատկերի պետական հաստատութեան ուսանողները ընթերցած են գրողին ստեղծագործութիւններէն, բեմադրուած են «Ժամադրութիւն», «Ցուցափեղկին աղջիկը» եւ «Մեռնիլը Որքան Դժուար Է» գործերը:








All the contents on this site are copyrighted ©.