2014-10-22 09:46:14

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Թող ապրի՛, որպէսզի զղջայ...
Կեանքէն եկող դժուարութիւնները յաճախ կ’ընկճեն տառապող հոգիները: Մեր խօսքը բնական աղէտներու մասին չէ: Բնական աղէտներու ժամանակ, նոյնիսկ երբ մարդիկ իրենց հարազատները, տունն ու տեղը կորսցնեն, կարծէք մխիթարութիւնն ալ անոր հետ կը ստանան՝ համոզուած ըլլալով, որ կարելի չէ՛ բնութեան դէմ պայքարիլ, կամ համոզել, որ ան փոխէ իր ընթացքը, հեռանայ մարդէն, կամ խնայէ անոր կեանքին: Սակայն նոյնը կարելի չէ՛ ըսել մարդկային ընկերութեան կողմէ պատճառուող ՜՜աղէտներուն՝՝ պարագային: Անոնք ընդհանրապէս նախ մտածուած ու ծրագրաւորուած կ’ըլլան եւ ապա գործադրութեան դրուած:

Կեանքէն եկող դժուարութիւնները բնականօրէն մարդոց կողմէ կը պատճառուին, եւ մարդոց ուղղուած կ’ըլլան: Ինքնանպատակ դժուարութիւններ չկան այս կեանքին մէջ, ո՛չ ալ մարդիկ աննպատակ կերպով դժուարութիւններ կը յարուցանեն: Հետեւաբար, անտէր դժուարութեան կարելի չէ՛ հանդիպիլ, այլ ամէնքն ալ ունին իրենց տէրերը եւ յստակ հասցէները:

Դժուարութիւնները դիմակալելու մէջ,մարդիկ իրարմէ շատ կը տարբերին: Ոմանք հոգեպէս ուղղակի կը խորտակուին, շփոթի կը մատնուին, մարդոց խորհուրդին կը դիմեն, եւ մասնաւոր օժանդակութիւն մը չստանալու պարագային՝ կը յուսահատին, կը յուսալքուին: Ուրիշներ աւելի զօրաւոր կամքի տէր ըլլալով՝ թեթեւակի կ’ընդունին նոյնիսկ անակնկալ պատահարները, եւ դժուարութիւնները մասնաւոր ազդեցութիւն չեն թողուր իրենց վրայ: Կան նաեւ այլ տեսակի մարդիկ, որոնք անտարբերութեամբ կը մօտենան ուրիշներէ պատճառուող դժուարութիւններուն՝ ուղղակի անտեսելով զանոնք:
Սա ունի իր անպատեհութիւնները, որովհետեւ կրնայ կրկնապատկել եղածները՝ առիթ տալով, որ զինք նեղացնողը շարունակէ իր ընթացքը, իսկ միւս կողմէ, ծիծաղի առարկայ կրնայ դարձնել ենթական, որ այդ ամէնը կրելով հանդերձ, միամտօրէն չ’անդրադառնար անոնց: Ընկերութիւնը յաճախ խեղճութեան պատմուճան կը հագցնէ այս տեսակ մարդոց եւ չի՛ դադրիր ձաղկելէ զանոնք:
Քրիստոնէական առաջին դարերու հասկացողութեամբ, ասիկա լաւագոյն կերպն էր հետեւելու երկնաւոր Վարդապետին բացած ճամբուն, որ կամաւոր լռութեամբ տարաւ այն ամէն չարչարանքները, որոնք մարդոց կողմէ պատճառուեցան իրեն: Ուստի սուրբեր եւս կամաւորաբար յանձն կ’առնէին ամէն նեղութիւն ու չարչարանք վասն Քրիստոսի՝ հետագայ երկնային վարձատրութեան ակնկալիքով:
Քրիստոնէական կրօնքը եւս, քաղաքակրթութեան ու զարգացող մշակոյթներուն հետ աճեցաւ, եւ «արեամբ նահատակութիւն»ը նաեւ ունեցաւ «կեանքով նահատակութեան» տարբերակը: Եթէ առաջինը ֆիզիքական մարմնին զոհաբերութիւնն էր, ապա երկրորդը դարձաւ գիտակից կեանք մը ամբողջ զոհաբերելու որոշումը՝ ապրելով այդ կեանքը այնպէս, ինչպէս վայել է քրիստոնեայ մարդուն:
Հայոց մեծագոյն սուրբը Ս. Գր. Լուսաւորիչ նաեւ կրեց բազմաթիւ չարչարանքներ, ան կրնար թերեւս դաւադրութեամբ սպաննել Հայոց Տրդատ թագաւորը... Սակայն եթէ այդպէս ըտրած ըլլար, անիմաստ վերջ մը դրուած պիտի ըլլար միայն այդ արարքով: Մինչ Տրդատի ապրիլը՝ ամբողջ Հայաստանի քրիստոնէացումը արժեց…:
Քեզի նեղութիւն պատճառողներ եթէ կան՝ մահ մի՛ ցանկար անոնց: Ընդհակառակը, թո՛ղ որ ապրին, որպէսզի դարձի՛ գան: Հոգի մը կորսնցնե՞լը լաւ է, թէ զայն շահիլը Աստուծոյ համար: Աստուած կը համբերէ որպէսզի չարը եւս առիթ ունենայ դարձի գալու: Հոգեվարքը ունի մեծ տեղ, որ կը հոսեցնէ զղջումի չոր արցունքներ, որոնք մահուան սնարին մէջ, կռնակին վրայ փռուած մահամերձին աչքերու աւազանին մէջ պիտի լճանան ու խեղդուին, մինչ հոգին դուրս պիտի գայ մարմինէն դառնագին հառաչանքով:
Մեծեր տեսնելով անուղղայ մարդոց ապրած կեանքը՝ կ’ըսէին. «Պիտի կարենա՞յ հոգի տալ այս մարդը»: Վստահաբար պիտի կարենայ, սակայն պէտք է երկար ապրի, որպէսզի զղջայ, ու հոգեվարքի ցաւատանջ պահը դիւրաւ ու խաղաղութեամբ անցընէ…:








All the contents on this site are copyrighted ©.