2014-10-21 11:53:05

Արդե՞օք կարելիութիւնը ունինք աշխարհը փոխելու


RealAudioMP3 20 դարեր ետք եւ այնքան անյաջողողութեան եւ յուսահատութիւններէն ետք ուր այնքան յոյսեր կը սպասուէր այս աշխարհէս եւ զայն բռնողներէն, նորէն նոյն հարցումը կը դրուի հանրութեան առջեւ: Արդեօ՞ք դեռ կարելիութիւնը կայ աւելի գեղեցիկ դառցնելու մեր ունեցած աշխարհը: Պատրատանաթափ քարոզը արդե՞օք դեռ կարելի կը գտնենք: Համակերպումը դեռ մարդուն իմաստուն գայլ մը կը գտնէ: Արդեօ՞ք հրաժարումը մեր եսէն եւ անձնասիրութենէն կարելի է աւելի յստակացնել՝ դաս մը առնելու համար: Ճակատագրապաշտներուն դասին մէջ մտնելու ե՞նք արդեօք որպէս զի աւելի խելացի աշխատինք: Այս հարցումներուն պատասխանը կը գտնենք Եսայի մարգարէին քով որ կ'ըսէր ալ հոգնած եմ ամէն ինչէն...
Մենք մեզի այս հարցումները կ'ուղղենք այսքան փոփոխութիւններէն ետք, այս աշխարհը որ կ'ապրի մեծ յեղաշրջումներուն մէջ, ուր յոյսը եւ յաջողութիւնը տեղ չունին այս աշխարհագունդին մէջ... շատեր կը հարցնեն արդեօք անցեալի այդ շգեղ եւ գեղեցիկ օրերը պիտի դառնան թէ ոչ...
Մարկրիթ Լինա փիլիսոփանուհին կ'ըսէ. ,Այլեւս ազատութիւնը կորսուած է քանի որ կարելիութեան բառը ոչնչացաւ այս դարուն բառարանէն: Մենք պարտական ենք աշխատելու եւ յարատեւելու որպէսզի չնչենք մեր ազատութիւնը եւ կարելիութեան դաշտը բանալու եւ մերժելու այս ճակատագիրը որ կը ջանայ մարդս ճնշումի տակ դնել:
Մենք որպէս քրիստոնեաներ, որպէս ժառանգորդները Քրիստոսի առաքեալներուն պարտականութիւնը ունինք լուսաւորելու այն մթագնած հաստատութիւնները, բանալու աչքերը այն մարդոց որոնք դեռ ստրուկութեան մէջ կը գտնուին եւ մեր կեանքին լոյսը միշտ կանանչ պահելու եւ երթալու համայն մարդկութեան Քրիստոտի լոյսը սփռելու ինչպէս կ'ըսէր Պրիւքսէլի նախկին առաջնորդ՝ Տանիլզ Կարդինալը:
Հաւատքը ապրիլ կը նշանակէ կամք ունենալ ապրելու եւ ցուցնելու բոլորին թէ Աստուած դեռ կենդանի է մեր մէջ, դեռ կարելիութիւնը կայ յաղթահարելու դժուարութիւններուն վրայ եւ ոչ թէ ապրիլ յուսահատութեան նշանները:
Պատմութեան ընթացքին քրիստոնեաները քաջ գիտցան նորանոր հնարումներ ստեղծել, իրենց հաւատքը զիրենք մղեց նորելու: Այդպէսով առաջինները եղան հիւանդանոցներ շինելու Սէփաստացի Սուրբ Բարսեղի օրերէն ի վեր (6-րդ դար) եւ սկսան հիւանդները ձրիաբար դարմանելելու:
Սուրբ Օգոստինոսը որոշեց ազատել գերիները եւ իրենց հետ բաժնելու ինչքերը եւ կարողութիւնները: Այս է վկայութիւնը զոր տուին առաջին քրիստոնեաները Եկեղեցւոյ ստեղծումին առաջին օրերէն՝ քաջութեան, յարատեւութեան եւ ստեղծագործութեան:
Այսօրուայ պատգամը զոր կրնանք տալ մեր եղբայրներուն թէ մենք որպէս յարուցեալ Քրիստոսի զաւակներ կրնանք աշխարհին ներկայացնել մեր հաւատքը եւ կարողութիւնը, դնելու յոյսը ուր ժողովուրդներ սարսափած պատերազմներէն եւ վտանգներէն յուսահատութեան մատնուած կը գտնուին, տալու խաղաղութիւնը այն դաշտերուն մէջ ուր զէնքի լեզուն կը սարսափէ հանդարտ եւ խաղաղ մթնոլորտները, սէրը դնելու ուր ատելութիւնը կը տիրապետէ ամէն տեսակ խօսակցութեան եւ սիրոյ: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.