2014-10-21 08:51:53

Անվտանգութեան առումով Արաբունարի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ փխրուն։


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ յայտնեց. «Թրքական իշխանութեանց հետ խօսեցանք. ես խօսեցայ, նախագահը խօսեցաւ` շատ յստակ դարձնելու համար, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու կողմէ քաղաքականութեան փոփոխութիւն մը չէ: Ճգնաժամի պահ է, ստիպողական պարագայ մը»: Ան աւելցուց, որ ասիկա «ժամանակաւոր քայլ մըն է»:
Վերջին օրերուն ընթացքին Միացեալ Նահանգներու կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հասցուած հարուածները Արաբունարի շուրջ դանդաղեցուցած են անոնց յառաջխաղացքը եւ չէզոքացուցած հարիւրաւոր ժիհատականներ:
«Բայց եւ այնպէս, անվտանգութեան առումով Արաբունարի մէջ կացութիւնը կը շարունակէ մնալ փխրուն, որովհետեւ ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ սպառնալ քաղաքին, իսկ քրտական ուժերը տակաւին կը դիմադրեն անոր», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Քրտական աղբիւր մը երէկ հաստատեց, որ մեծաքանակ զէնք եւ զինամթերք հասած է Արաբունար: Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Ռիտոր Շալիլ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ ամերիկեան զէնքերը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան ճակատամարտին վրայ, սակայն ճակատամարտը վճռելու համար բաւարար չեն:
Միւս կողմէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ Թունուզի արտաքին գործոց նախարարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը փեշմերկաներուն կ՛օժանդակէ Արաբունար հասնելով ժիհատականներուն դէմ կռիւներուն մասնակցելու:
«Մենք փեշմերկաներուն կ՛օգնենք Արաբունար մուտք գործելու: Մեր քննարկումները տակաւին ընթացքի մէջ են», ըսաւ ան: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւրներ «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, որ փեշմերկաներու Թուրքիոյ ճամբով Արաբունար մուտքը արդէն սկսած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.