9 Դեկտեմբերը Հայաստանի մէջ կրնայ յայտարարուիլ յիշատակի օր՝ բոլոր ցեղասպանութիւններու
զոհերուն
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Ազգային ժողովի «Ժառանգութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր
Զարուհի Փոստանջեան Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած է «Օսմանեան կայսրութիւնում
պոնտոսայոյների, ասորիների, եզդիների եւ այլ ազգերի ցեղասպանութեան դատապարտման մասին»
եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան տօների եւ յիշատակի օրերի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան
օրէնքին մէջ լրացում կատարելու մասին օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարը: Այս հարցը
ընդգրկուած է կառավարութեան 23 Հոկտեմբերի օրակարգին վրայ: «Հայաստանի Հանրապետութեան
կառավարութիւնը նպատակայարմար է համարում ներկայացուած առաջարկութեան փոխարէն Դեկտեմբերի
9ը յայտարարել բոլոր Ցեղասպանութիւնների զոհերի յիշատակման օր՝ հաշուի առնելով այն հանգամանքը,
որ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխման եւ պատժման» կոնվենցիան ՄԱԿը ընդունել է
1948 թուականի Դեկտեմբերի 9ին: Ելնելով շարադրուածից, Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացուցած
օրէնսդրական նախաձեռնութիւնն ընդունելի կը համարի իր կողմից ներկայացուած առաջարկութեան
ընդունման դէպքում», նշուած է թղթածրարին վերաբերեալ գործադիրի եզրակացութեան մէջ: Ներկայացուած
օրէնքներու նախագիծերու թղթածրարը Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ քննարկելու ատեն յարակից
զեկուցմամբ հանդէս պիտի գայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ
Շաւարշ Քոչարեանը: