2014-10-20 10:29:30

Կարդինալ Փարոլինի միջամտութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն հայող Կարդինալական վեհաժողովի ընթացքին:


(Ռ.Վ. 20 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերին կայացած, Կարդինալ ակն վեհաժողովին ընթացքին խօսք առնելով, Վատիկանի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիէթրօ Փարոլին, երկարաշունչ միջամտութիւն մը ունեցաւ, որուն մէջ ժողովական հայրերուն ներկայացուց, անցեալ 2 – 4 Հոկտեմբեր 2014, ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւման'' հարցին մասին, Վատիկանի մէջ գումարուած մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակներու եւ Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուներուն ժողովէն բխած եզրակացութիւնները։ Որուն միջոցաւ – յայտնեց Կարդինալ Փարոլին - Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց Իր ու համայն Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերել, հակամարտութիւններէ տառապող անձերուն։
Վատիկանի Պետքարտուղարը ապա զեկուցեց վերոյիշեալ ժողովի ընթացքին արծարծուած նիւթերու շուրջ ընդգծելով ժողովական հայրերու արտայայտած մօտիկութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ հաւատացեալներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն, ու անոնց ուղղած կոչը բռնութիւններու դադրեցումին ի խնդիր։
Կարդինալ Փարոլին Կարդինալական դասին եւ Պատրիարքներուն ներկայացուց Միջին Արեւելքի մասին, վերոյիշեալ ժողովի ընթացքին ի յայտ եկած տեղեկութիւնները, հայող շրջանի ներկայ անընդունելի իրավիճակին, քաղաքական կացութեան, եւ առնուելիք դիւանագիտական կարեւոր քայլերուն։ Ան նշեց Իսրայէլ – Պաղեստին հարցը որը կարեւոր կը նկատուի արեւելքի տագնապներու լուծման շրջագիծէն ներս։ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գոյատեւող պատերազմները ու այսպէս կոչուած Իսլամ Պետութեան դէմ մղուած պայքարը, ինչպէս նաեւ արեւելեան այլ երկիրներուն մէջ գոյատեւող տագնապները։
Կարդինալ Փարոլին անդրադարձաւ նաեւ քրիստոնեաներու արտագաղթի երեւոյթին, պատերազմներու եւ հալածանքներու պատճառաւ ու այս առընչութեամբ մատնանշեց Եկեղեցւոյ դերին. Թէ ի՞նչ պէտք է եւ ի՞նչ կրնայ ընել Եկեղեցին, ի տես իր զաւակներուն կրած ցաւերուն։ Ան չի կրնար լուր եւ անտարբեր մնալ ու մինչ կը հրաւիրէ հաւատացեալները աղօթքի դիմելու կը սատարէ բարեսիրական օժանդակութիւններ ապահովելու տառապող ու հալածուած ընտանիքիներուն, եւ կը խրախուսէ շրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատել, երկխօսութեան եւ հաշտութեան ճանապարհով։ Այս առընչութեամբ Կարդինալ Փարոլին շեշտը դրաւ նաեւ միջ կրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ, հրաւէր ուղղելով Իսլամ Կրօնապետերուն իրենց կարգին աշխուժացնելու երկխօսութիւնը եւ հակառակելու ծայրայեղութեան։
Քրիստոնեայ, հրեայ եւ իսլամ կրօնապետերը կարող ու պարտական են կարեւոր դեր մը խաղալու միջ կրօնական եւ միջ - մշակութային երկխօսութիւնը զարգացնելու, յստակօրէն դատապարտելով կրօնի գործածութիւնը ի սպաս բռնութեան, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, մէջբերելով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Ալպանիայի մէջ արտասանած խօսքը ''Աստուծոյ անունով սպաննելը սրբապղծութիւն է. եւ Աստուծոյ անունով խտրականութիւնը անմարդկային է''։
Կարդինալ Փարոլին հուսկ անդրադարձաւ միջազգային հասարակութեան պատասխանատուութեան ու անոր վերանորոգուած դերակատարութեան ի տես վայրագ բռնութիւններուն եւ ստեղծուած համամարդկային տագնապներուն։
Քրիստոնեաներու եւ միւս փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը պէտք է համադասուի մարդ անհատի պաշտպանութեան ու անոր իրաւունքի շրջագիծէն ներս, յատկապէս կրօնի եւ խղճի ազատութիւնը։
Կարդինալ Փարոլին զեկոյցը եզրափակեց վերահաստատելով թէ Եկեղեցին որպէս Մայր` մօտ է իր զաւակներուն, կ՛աղօթէ եւ կը գործէ անոնց համար, զանոնք կը պաշտպանէ,եւ վախ չունի ճշմարտութիւնը խօսելու, դառնալով անձայն մարդոց ձայնը ու պաշտպանութիւն եւ թիկունք անոնց որ անպաշտպան եւ լքուած են։
Ամէնքս հրաւիրուած ենք աշխատելու աշխարհի խաղաղութեան համար, ու յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւման, շարունակականութեան ու անոնց զարգացումին, համայն մարդկութեան բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.