2014-10-20 10:08:43

Մինսքի Խմբակի համանախագահները Երեւան եւ Պաքու իրենց այցելութեան շուրջ յայտարարութիւն տարածած են։


ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները 14-18 հոկտեմբերին Երեւան եւ Պաքու իրենց կատարած այցելութեան արդիւնքներուն շուրջ յայտարարութիւն տարածած են:
ԵԱՀԿ-ի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները անցեալ շաբաթ այցելած են Ազրպէյճան եւ Հայաստան` պետական պաշտօնատարներու հետ հանդիպելու եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանին ԵԱՀԿ-ի հսկողութեան առաքելութեան մասնակցելու համար:
Այցելութեան ծիրին մէջ համանախագահներուն միացած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիք: Ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք անձնական պատճառներով չէ կրցած անոնց միանալ, սակայն այցելութեան ընթացքին ամերիկեան կողմը ներկայացուած եղած է:
Պաքուի մէջ համանախագահները հանդիպում ունեցած են Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Երեւանի մէջ` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Երեւանի մէջ համանախագահները խորհրդակցութիւններ ունեցած են նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ: Երկու մայրաքաղաքներուն մէջ համանախագահները քննարկած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի հրաւէրով այս ամիս Փարիզի մէջ նախատեսուող հանդիպումին պատրաստութիւնները:
Համանախագահները յիշած են Սոչիի եւ Կալեսի մէջ նախագահներու վերջին հանդիպումները եւ նշած, որ շփման գիծի եւ սահմանի երկայնքով իրավիճակը կայունացած է այս ամառ նկատուած լարուածութեան աճէն ետք: Անոնք նաեւ յոյս յայտնած են, որ զինադադարի խախտման վերջին դէպքերը աշխուժ բնոյթ պիտի չկրեն:
Նախագահներու հետ հանդիպումներէն բացի, համանախագահները մասնակցած են հայ-ազրպէյճանական սահմանին ԵԱՀԿ-ի հսկողութեան առաքելութեան: Սահմանի երկու կողմերուն վրայ անոնք հանդիպած են տեղւոյն պաշտօնատարներուն եւ հրամանատարներուն հետ` անվտանգութեան պայմաններու մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար:
Համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն քայլերու ձեռնարկելու լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ մասնաւորաբար քաղաքային բնակչութեան դէմ բռնութիւնը կանխարգիլելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.