2014-10-20 16:40:04

Մեսրոպեանի աշակերտները նշեցին Թարգմանչաց տօնը։


17 Հոկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի նախակրթարանի բաժանմունքի աշակերտները կոկիկ հանդիսութեամբ մը նշեցին Թարգմանչաց տօնը:
Գեղարուեստական մասով Մեսրոպեանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբը կատարեց չորս երգեր, ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քեշիշեանի, Ա. էն Զ. դասարաններու աշակերտները մատուցեցին խմբային մէկական ասմունք` «Մայրենի Լեզու», «Մեսրոպ Մաշտոցին» (Խաչիկ Դաշտենց) , «Իմ Հայ Լեզու» (Սիլվա Կապուտիկեան) , «Միայն Մէկ Գիր» (Ժագ Յակոբեան), «Հայերէն» (Խաչիկ Դաշտենց), «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն» (Մուշեղ Իշխան), մինչ Քրիսթոֆըր Չափարեան (Ե. Դասարան) եւ Կասիա Լեւոնեան (Զ. Դասարան) կատարեցին նուագ կիթառով եւ սրինգով՝ յաջորդաբար:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց աշակերտուհի Մարիլին Գասարճեան, որ անդրադառնալէ ետք Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին, յիշեցուց Սիլվա Կապուտիկեանի յորդորանքը նոր սերունդին՝ «ուր էլ լինես, այս լուսնի տակ ուր էլ գնաս, թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս”:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետ Հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեան: Ան աշակերտներուն բացատրեց հայ թարգմանական առաջին խօսքին (“ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ”) իմաստն ու նշանակութիւնը եւ ապա եզրակացուց. “Սրբոց Թարգմանչաց պատգամն ու կտակը անգամ մը եւս կու գայ մեզի յիշեցնելու հայ եկեղեցւոյ Քրիստոնէական ճշմարտութեան դարաւոր վկայութիւնը, հայ ազգի պատմական գանձարանի հարուստ ու լուսաւոր ներկայութիւնը եւ հայ ազգի ստեղծագործ հմտութիւնը”:
Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ ըսաւ, որ Թարգմանիչներու սերունդի ներկայացուցիչները իրենց պատմական առաքելութիւնը կատարեցին նաեւ շնորհիւ անոր, որ ուսանած էի ժամանակի լաւագոյն կրթական կեդրոններուն մէջ եւ կատարելապէս կը տիրապետէին օտար լեզուներու: Անոնք կարողացան այդ լեզուներով ստեղծուած գրական, իմաստասիրական եւ գիտական գործերը գեղեցկօրէն հայացնել, որովհետեւ իրենց հոգիով եւ մտածողութեամբ հայ էին: Պարոն տնօրէնը հայ ազգի յաղթանակը համարեց այն, որ 5րդ դարուն հիմնադրուած Հայ դպրոցը առ այսօր կը գոյատեւէ, հաւատարիմ մնալով իր հիմնադիրներուն՝ Սուրբ Մեսրոպի եւ Սուրբ Սահակի աւանդին, ի հեճուկս բոլոր արհաւիրքներուն, որոնց գագաթնակէտը եղաւ 20-րդ դարու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.