2014-10-19 13:38:20

Սիւնհոդոսի տեղեկագիրի վաւերացումով, վերջ գտան Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրներուն հայող` եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը։


(Ռ.Վ. 19 հոկտեմբեր 2014) Շաբաթ, 18 հոկտեմբեր 2014-ին երեկոյեան, վերջ գտան եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը, որուն ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը քուէարկեցին եւ վաւերացուցին սիւնհոդոսի տեղեկագիրի 62 յօդուածները։
Ֆրանչիսկոս Պապի կամքով եւ արտօնութեամբ վերոյիշեալ տեղեկագիրը հրապարակուեցաւ եւ հանրութեան ներկայացուեցաւ, որպէս թափանցկութեան արտայայտութիւն։
Սիւնհոդոսի տեղեկագիրը բաժնուած է երեք գլուխներու. առաջինը` ''Ունկնդրութիւն, համակարգը ու ընտանիքի մարտահրաւէրները'', երկրորդ` ''Հայեացքը Քրիստոսին` ընտանիքի աւետարանը'', եւ երրորդ ''Համեմատութիւն` հովուական հեռանկարներ''։
Սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերու աւարտին սիւնհոդոսական հայրերուն ուղղած իր խօսքին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` շեշտը դրաւ ''սիւնհոդոս'' բառին վրայ որ կը նշանակէ ''միասին քալել''։
''Մենք իսկապէս ապրեցանք ''սիւնհոդոսականութիւնը'' - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - ու հանդիպեցանք դժուար պահերու, ինչպէս նաեւ մխիթարական դէպքերու։ Ուղեւորութիւն մը ուր զօրաւորը ուզեց օգնել տկարին, փորձառուն օգտակար դարձաւ միւսներուն։
Ըլլալով սակայն մարդկային ընթացք մը – յարեց Քահանայապետը – շատ անգամ հանդիպեցանք նաեւ փորձութիւններուն։ Փորձութիւնը` խստապահանջութեան, հետեւելով միայն օրէնքին ու չթողելով որ Աստուած մեզ զարմացնէ։ Փորձութիւնը կործանիչ բարութեան, որ յանուն խաբէական ողորմութեան, կը մղէ վէրքերը պատել նախ քան անոնց դարմանումը։ Փորձութիւնը փոխելու քարը հացի եւ փոխադրած կերպով հացը քարի։ Փորձութիւնը վար իջնելու խաչէն, մարդոց քմահաճոյքին համապատասխանելու համար։ Փորձութիւնը անտեսելու հաւատքի աւանդութիւնը եւ անտեսելու իրականութիւնը։ Այս փորձութիւնները սակայն մեզ պէտք չէ վախցնեն որովհետեւ ոչ մէկը աւելի մեծ է մեր Տիրոջմէն` Յիսուսէն։ Այս է Եկեղեցին` Տիրոջ այգին, պտղաբեր Մայրը եւ հոգատար դաստիարակը, որ վախ չունի մարդոց վէրքերուն վրայ իւղ եւ գինի թափելու։ Այս է Եկեղեցին` մէկ. Սուրբ, Կաթողիկէ եւ առաքելական, որուն մաս կը կազմեն մեղաւորները, ու անոր ողորմութեան կարօտեալները։ Այս է Եկեղեցին որուն դռները միշտ բաց են ընկալելու համար կարիքաւորն ու ապաշխարողները եւ ոչ միայն անոնք որ զիրենք կատարեալ կը նկատեն։ Եկեղեցին չամչնար գետին ինկած եղբայրէն, չ՛անտեսէր զինք, ընդհակառակը պարտականութիւնը կը զգայ անոր կից կենալու եւ օգնելու որ վերականգնի, ու կը քաջալերէ զինք շարունակելու իր ուղեւորութիւնը դէպի վերջնական հանդիպում` Երկնային Երուսաղէմ։
Այս է Եկեղեցին, մեր Մայրը – ըսաւ Քահանայապետը - քննադատելով բոլոր անոնք որ ուզեցին Եկեղեցին նկարագրել որպէս բախումներու եւ վէճերու վայր մը։ Ու ապա հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ իսկական առաջնորդը` Սուրբ Հոգին է, մինչ Քահանայապետի պարտականութիւնն է անխախտ պահել եկեղեցւոյ միութիւնը ու հովիւներուն յիշեցնել թէ անոնց առաջին պարտականութիւնն է սնուցել հօտը զոր Տէրը յանձնեց անոնց, ու հայրական ու ողորմած սիրով ընկալել կորսուած ոչխարները։
Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը ծառայութիւն է - դիտել տուաւ քահանայապետը - մէջբերելով Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի խօսքերը ու վերահաստատելով թէ Եկեղեցին Քրիստոսինն է եւ բոլոր եպիսկոպոսները պարտականութիւնը ունին զայն պահելու, պահպանելու եւ անոր ծառայելու մինչ Քահանայապետը ''բարձրագոյն տէրը'' չէ այլ ''բարձրագոյն ծառան'' է որ կ՛երաշխաւորէ ` Եկեղեցւոյ Աստուծոյ կամքին եւ Աւետարանին հնազանդութիւնը։
Սիրելի եղբայրներ – ըսաւ հուսկ քահանայապետը իր խօսքին աւարտին – մեր առջեւ ունինք տակաւին մէկ տարի խորհրդածելու այս հաւաքէն յառաջ եկած գաղափարներու մասին, հայող ընտանիքի մարտահրաւէրներուն։ Թող Տէրը մեզի ընկերանայ ու առաջնորդէ մեր քայլերը, Աստուածամօր ու Սուրբ Յովսէփի բարեխօսութեամբ։
Ընտանիքի մասին Գ արտակարգ սիւնհոդոսի վերջ գտաւ սակայն սիւնհոդոսական ընթացքը կը շարունակուի, ուսումնասիրելով անորմէ բխած իրողութիւնները եւ պատրաստուելով 2015-ին հոկտեմբերին գումարուելիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որուն աւարտին կը նախատեսուի հրատարակել սիւնհոդոսական վաւերաթուղթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.