2014-10-18 15:04:00

Պօղոս Զ Քահանայապետի երանացման արարողութիւնը Սուրբ Պետրոսի մէջ:


(Ռ.Վ. 19 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 19 հոկտեմբեր 2014-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, տեղի ունեցաւ ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրներու նուիրուած` եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի եզրափակիչ սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն ընթացքին Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը երանելի հռչակեց երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը (1897 - 1978)։
''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերը, որ սկիզբ առած էին անցեալ 5 հոկտեմբերին, վերջ գտան 18 հոկտեմբերին, սիւնհոդոսի տեղեկագիրի ներկայացումով, մինչ այսօր առաւօտեան ժամը 10-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ, ի ներկայութեան սիւնհոդոս ական հայրերուն ու բազմահազար հաւատացեալներուն, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մատոյց սիւնհոդոսի եզրափակիչ հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը, որ կարդինալական աստիճանը ստացած էր Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի ձեռքով։
Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերումը քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն (Գլուխ 22, 21)` ''Գացէք եւ տուէք Կեսարին, ինչ որ Կեսարին է եւ Աստուծոյ, ինչ որ Աստուծոյ է'' ըսաւ` ''Յիսուսի փարիսեցիներուն ուղղուած այս պատասխանը կը նշանակէ թէ որեւէ իշխանութեան դիմաց պէտք է դաւանիլ թէ միայն Աստուած Տէրն է մարդուն։ Ինք որ իր նորութիւններով զարմանքի կը մատնէ մարդը։ Ինք որ մեզ յարատեւօրէն. կը նորոգէ։ ''Աստուծոյ տալ, ինչ որ Աստուծոյ է'' կը նշանակէ բացուիլ Անոր կամքին ու անոր նուիրել մեր կեանքը եւ համագործակցիլ անոր ողորմածութեան, սիրոյ եւ խաղաղութեան արքայութեան իրականացումին։ ''Հոս է ահա մեր ուժը, հոս է մեր յոյսը'' ըսաւ Քահանայապետը ու ակնարկեց եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստերուն ուր – ըսաւ ան – ''եպիսկոպոսները միասնաբար քալեցին''։ Աշխարհի ամէն անկիւնէ հովիւներ եւ աշխարհականներ, Հռոմ բերին իրենց եկեղեցիներու ձայնը, օգնելու համար այսօրուայ ընտանիքը ընթանալու Աւետարանի ուղեւորութեամբ ու հայեացքը կեդրոնացնելու միշտ Յիսուսին վրայ։
Այս փորձառութեան ընթացքին, զգացինք Սուրբ Հոգւոյն զօրութիւնը որ կ՛առաջնորդէ եւ միշտ կը նորոգէ Եկեղեցին որ կանչուած է հաստատակամ խնամելու արիւնոտ վէրքերը եւ վերարծարծելու յոյսը բոլոր այն մարդոց մէջ որ անյոյս կ՛ապրին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ անդրադարձաւ Պօղոս Զ քահանայապետի երանացումին վեր առնելով Անոր հեզաբարոյ կենցաղը եւ մարքարէական սիրոյ վկայութիւնը հանդէպ Քրիստոսին եւ Անոր Եկեղեցւոյ։
''Գուցէ Տէրը զիս կանչած է եւ ինծի յանձնած այս ծառայութիւնը ոչ թէ իմ կարողութիւններուս համար եւ կամ Եկեղեցին ազատելու համար դժուարութիւններէն, այլ որպէսզի ես ալ տանջուիմ եկեղեցւոյ համար ու յայտնի ըլլայ թէ միայն Տէրն է որ կը կառավարէ եւ կը փրկէ իր Եկեղեցին'' գրած էր Պօղոս Զ իր անձնական օրագիրին մէջ։ Այս խոնարհութեան ընդմէջէն ի յայտ կու գայ երանելի Պօղոս Զ մեծութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – երբ կը յայտնաբերուէր աշխարհիկ դարձած աշխարհ մը, Ան կարողացաւ իմաստութեամբ, ու յաճախ առանձին, ղեկավարել, Պետրոսի նաւը, առանց կորսնցնելու ուրախութիւնը եւ Տիրոջ հանդէպ վստահութիւնը։ Պօղոս Զ գիտցաւ իսկապէս Աստուծոյ տալ այն ինչ որ Աստուծոյ է, յանձնառումով նուիրելով իր կեանքը. սիրելով Եկեղեցին ու զայն ղեկավարելով որպէսզի կարենար ըլլալ միեւնոյն ժամանակ` սիրալիր Մայր բոլոր մարդկանց եւ փրկութեան վայր - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը քարոզին աւարտին։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագի արարողութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը նոյն վայրէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն` դիւանագիտական մարմնին եւ պաշտօնական պատուիրակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Պրէշայի, Միլանոյի եւ Հռոմի թեմի հաւատացեալներուն, որոնք յատուկ կապ մը ունին Մոնթինի քահանայապետին հետ։ Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց Երանելի Պօղոս Զ-ի '' Evangelii nuntiandi'' շրջաբերականին որուն միջոցաւ Երանելի Քահանայապետը ուզած էր նոր սլացք մը տալ Եկեղեցւոյ առաքելական յանձնառումին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – մատնանշելով թէ այսօր կը նշուի նաեւ Միսիոնարական Համաշխարհային օրը։ Ան ապա ակնարկեց երջանկայիշատակ Երանելիին սիրոյն` հանդէպ Աստուածամօր ու ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը, հուսկ հրաժեշտ առաւ բոլոր ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.