2014-10-18 11:53:31

Սննդառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պատգամը ՖԱՕ-ի տնօրէնին։


(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) Աշխարհի մէջ անօթութիւնը յաղթահարելու համար` բաւարար չէ աջակցութիւնը, հարկաւոր է բարեփոխել զարգացումի քաղաքականութիւնը եւ շուկայական կանոնները, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ''սննդառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ'' ՖԱՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Փրոֆ Խոսէ Կրացիանօ Տա Սիլվայի յղած իր պատգամին մէջ։
Նորին Սրբութիւնը միլիոնաւոր անձերու աղաղակը հնչեցնելով քննադատեց շահոյթի անունով սնունդի գիներու շահարկումը։ Մինչեւ ե՞րբ - հարց տուաւ Սրբազան Հայրը – պիտի շարունակուին պաշտպանուիլ այն արտադրութեան համակարգերը որոնք զանց կ՛ընեն աշխարհի բնակչութեան մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ հարուստներու սեղաններէն ինկած փշրանքներէն։
Ժամանակը հասած է մտածելու եւ որոշումներ առնելու մեկնելով իւրաքանչիւր անհատէն եւ հասարակութենէն եւ ոչ թէ շուկայի տարուբերումներէն։
Հակառակ որոշ երկիրներու մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, վերջին տուեալները տագնապալի իրավիճակ մը կը ներկայացնեն մեր առջեւ, - մատնանշեց Ֆրանչիսկոս Պապը - հրաւիրելով աւելիով ճանչնալ տնային հողամշակոյթի դերը ու զարգացնել անոր բոլոր ուժականութիւնը։
Տնային հողամշակոյթը, իր անդամներու միջեւ գոյացած սիրոյ, զօրակցութեան եւ վեհանձնութեան բերումով կարող է զարգացնել սերունդներու միջեւ երկխօսութիւնը ու պահպանել արարչագործութեան հետ կապը։
Աշխարհը հրատապ կարիքը ունի անհատներու եւ ազգերու միջեւ միութեան հաստատումին, յաղթահարելու համար ներկայ բաժանումներն ու հակառակութիւնները եւ փնտռելու միջոցները համաշխարհային տագնապի լուծումին, որուն հետեւանքները յատկապէս կը ճնշեն աղքատներուն վրայ։
Կաթողիկէ եկեղեցին պատրաստակամ է իր սատարը տալու այս առընչութեամբ, ըլլայ քաղաքականութեան զարգացումին գծով ըլլայ անոր իրագործման ճանապարհով, այն գիտակցութեամբ թէ հաւատքը տեսանելի կը դառնայ, ի գործ դնելով մարդկային ընտանիքին եւ աշխարհին վերաբերող Աստուծոյ ծրագիրը, խոր եւ իսկական եղբայրութեան միջոցաւ, որ միայն քրիստոնեաներու չի պատկանիր այլ կը ներփակէ բոլոր ժողովուրդները - հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը իր պատգամին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.