2014-10-18 13:27:28

Յիսուսեաններու միաբանութեան ընդհանուր տնօրէնի գնահատումով Եկեղեցին երկարաշունչ բարեփոխութիւններու առջեւ կը գտնուի:


(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) ''Եկեղեցին ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսով յանձն առած է իւրացնել երկար ճանապարհ մը բարեփոխութիւններ ներմուծելու Եկեղեցւոյ մէջ, սակայն այդ բարեշրջումները ի յայտ պիտի չգան նախքան 2015-ի Հոկտեմբերին'', յայտարարած է Յիսուսեաններու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը` անդամ եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի վերջնական տեղեկագրի շարադրութեան յանձնախումբն։
Անոր գնահատումով ընտանիքի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը մտադիր չէ յեղաշրջել Եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը այլ զատորոշել այն եղանակները լաւագոյնս ու պատշաճօրէն կիրարկելու Վարդապետութիւնը։ Եպիսկոպոսներէն եւ ոչ մէկը կը խորհի փոխել Եկեղեցւոյ Վարդապետութիւնը, հայրապետներէն եւ ոչ մէկը մտադիր է քրիստոնէութիւնը փոխել, անոնք կ՛ուզեն սերտել թէ ինչպէս հարթել այսօրուայ մարդու հարցերը - յայտարարած է միշտ Յիսուսեաններու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.