2014-10-18 13:32:02

Հալէպի Հայ որբերուն մասին փաստաթուղթերը՝ թրքերէնով


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, Հալէպի «Փրկութեան տուն»ին մէջ պահուած հայերուն պատկանող փաստաթուղթերը եւ նիւթերը թարգմանուած եւ հրատարակուած են թրքերէնով:
Այս տեղեկութիւնը հաղորդած «Ակօս» թերթը կ՛աւելցնէ, թէ գիրքը հրատարակուած է «Հալէպի Ապաստարան 1922-1927» խորագիրով, իսկ հրատարակիչն է «Ալֆա» հրատարակչատունը:
Հալէպի «Փրկութեան տուն»ը հիմնադրուած էր Հայկական Ցեղասպանութեան տարիներուն, օգնելու համար Ցեղասպանութեան ընթացքին որբացած բազմաթիւ հայ երեխաներու, որպէսզի գտնեն իրենց ազգականները եւ միանան իրենց ընտանիքներուն







All the contents on this site are copyrighted ©.