2014-10-18 09:49:04

Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս - պատրիարքի յատուկ զրոյցը Վատիկանի Ռատիոկայանի հայկական բաժնին հետ։


(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) 2014-ի Հոկտեմբեր 4 – 19, Վատիկանի մէջ տեղի կ՛ունենայ ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' նիւթով Եպիսկոպոսական արտակարգ ընդհանուր Գ սիւնհոդոսը, որուն մասնակցող 191 սիւնհոդոսական հայրերու շարքին է նաեւ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս – պատրիարքը, որ ապա 20 հոկտեմբերին, ի շարս Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիարքներուն պիտի մասնակցի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գումարած Կարդինալական վեհաժողովին։
Առիթէն օգտուելով` Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի անձնակազմը յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հետ, որուն ընթացքին Ան փոխանցեց վերոյիշեալ սիւնհոդոսի մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ, խօսեցաւ սիւնհոդոսի նիստերու ընթացքին իր ունեցած ելոյթին եւ Հայ ընտանիքի իրավիճակի մասին։ Անդրադարձաւ 19 հոկտեմբերին, Պօղոս Զ քահանայապետի երանացումի արարողութեան եւ 20 հոկտեմբերին կայանալիք, Կարդինալական վեհաժողովին` Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան մասին։

RealAudioMP3







All the contents on this site are copyrighted ©.