2014-10-17 08:36:43

Քրիստոս եւ ամուսնութիւնը


«Պիտի ըլլան մէկ մարմին»: Այս էր դրախտին Աստուծոյ մէկ պատուէրը: Այս պիտի ըլլար Քրիստոսի բնաբանը նոյնիսկ եթէ մարգարէներ, օրէնսգէտներ, կրօնքի Հիմնադիրներ տարբեր վարդապետութիւններ քարոզէին:
Սրտին մէջ շնութիւն կր կատարէ ան որ ամուսնացած կնոջ մը կր նայի ցանկանալու միտումով»: Ամուսնութեամր, այր եւ կին իրարու կը պատկանին, երկուքն ալ` Տիրոջ: Այս վարդապետութիւնը մեղմացում չի ճանչնար, ոչ ալ պարագաներու բերումով՝ Հասկացողութեան մը գալ:
Քրիստոս հարկ չզգաց մանրամասնութիւններուն իջնելու: Պէտք չկար ամուսնութեան մասին վերլուծումներ կատարելու: Երբ րսաւ թէ մէկ մարմին պիտի ըլլան, ըսել ուզեց մէկ հոգի, մէկ անձ, մէկ անբաժանելի ամբողջութիւն:
Սէրը` Քրիստոսի աչքին երրորդութիւն է. սեռը երկրորդութիւն: Սէրը ուրիշին կ՛ուղղուի զայն կատարեալ դարձնելու, իսկ սեռը դէպի անձը կ՛ուղղուի անձնական Հաճոյքի գոհացումին Համար: Երբ Քրիստոս ըսաւ թէ ով որ կնոջ նայի ցանկութեամբ, ըսել ուզեց թէ ով որ կր նայի կնոջ միայն սեռ ունենալու համար, իր սրտին մէջ կը շնայ: Սեռը առանց սիրոյ անասնային է:
Սեռային սէրը կամուրջ է որմէ կ՛անցնիս, նստարան մը չէ ուր հանգիստ կ՛ընես: Օդակայան մը չէ, բայց օդանաւ մըն է որ դէպի տեղ մը կ՛երթայ, ամուսնութեան մէջ` դէպի վեր, ամուսնութենէն դուրս՝ դէպի վար, դէպի մեղք: Սեռով, մարմինը կ՛առաջնորդէ Հոգին, սիրով՝ Հոգին է որ կ՛առաջնորդէ մարմինը: Սեռը կրնայ տալ թռչունի թել, բայց ոչ՝ բոյն. սրտի զգացումներ, բայց ոչ՝ սրտի մէջ կեցութիւն: Սեռը կրնայ զգացումներու եւ փորձառութիւներու ծով բանալ բայց ոչ՝ նաւահանգիստ:
Եթէ սէրը միայն մարմինով գոյատեւէ կր դառնայ փխրուն մարմնի պէս, րայց եթէ հոգիով կր գոյատեւէ, կը գոյատեւէ մինչեւ մահ:
Ինչպէս ամէն սիրոյ մէջ, ամուսնական սէրն ալ ունի երեք շարժառիթ՝ բարիքը, գիտութիւնը եւ նմանիլը: Սիրելով, ամէն սիրտ կր փընտռէ կատարելութիւնը կամ բարիքը որ չունի: Երկու էակներ կ՛ամուսնանան որ իրարու բարիք, նեցուկ, օժանդակ ըլլան: Աստուած ալ որ մեզ կր սիրէ, կր սիրէ որովհետեւ իր բարիքը մեր մէջ կը դնէ եւ զայն հոն կը գտնէ:
Սիրոյ երկրորդ պատճառը ճանաչումն է: Կինը չի սիրեր ամուսինը եթէ զինք չի ճանչնար: Սէրը եւ ճանաչումը սերտ կապ ունին, մէկը միւսին լրացուցիչն է: Որքան սիրես, այնքան կ՛ուզես աւելի ճանչնալ, եւ որքան լաւ ճանչնաս մէկը, սէրդ աւելի կր խորանայ:
Երրորդ պատճառը՝ միանալու փափաքն է: Մարդ արարածը պարապութիւն մը կը զգայ մինչեւ որ չմիանայ անոր, որ կր սիրէ:
Պօղոս Առաքեալ կ՛ըսէ թէ այր եւ կին մէկ պիտի ըլլան որպէսզի միացած ըլլային Քրիստոսի մէջ: Ասոր համար, Քրիստոս խորհուրդի վերածեց ամուսնութիւնը որ կոչուեցաւ սուրբ ամուսնութիւն: Սուրբ է ամուսնութիւնը որովհետեւ Քրիստոս, ինք հոն է, եւ Ինքն է որ իմաստ կու տայ այն իրականութեան թէ, երկու մարդկային սէրեր կ՛ընեն մէկ աստուածային սէր: Եւ իրօք, որեւէ մարդկային էակ կրնայ ըլլալ սիրելի, բայց չի կրնար ըլլալ ՍԷՐ։ Միայն Աստուած Սէր է, եւ Սուրբ ամուսնութիւնը այդ Սիրոյ ներկայութիւնը զգալի կր դարձնէ, Հաղորդական, շօշափելի եւ նուիրական:







All the contents on this site are copyrighted ©.