2014-10-16 09:14:42

''Սննդառութեան համաշխարհային օրը հռչակուած Մակի կողմէ''։


Այս տարուան օրը նուիրուած է ընտանեկան հողագործութեան։
(Ռ.Վ. 16 հոկտեմբեր 2014) Մակի կողմէ հռչակուած սննդառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ. Իտալիոյ խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած է ձեռնարկ մը որուն կը մասնակցի նաեւ ''Քարիթաս Ինթերնացիոնալիսի'' ընդհանուր նախագահ` կարդինալ Օսքար Ռոտրիկէս Մարատիական եւ որուն ընթացքին սկիզբ կը տրուի ''զէռօ անօթութիւն'' ցանցային արշաւին։
Սննդառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ կը ներկայացնենք Սուրբ Պետրոսի յաջորդներու խօսքերէն քաղուած հատուածներ։
''Եկեղեցին, յանձնառու` իր աւետարանական առաքինութեան, կոչուած է աղքատներու հոյլին մօտիկ մնալու, իրենց պահանջքներուն արդարութիւնը կշռադատելու , եւ օժանդակելու անոնց իրականացման'', գրած է երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը ''Sollicitudo rei socialis'' շրջաբերականին մէջ։
Իսկ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ''Centesimus Annus'' հիմնարկի անդամներուն արտասանած իր ճառին մէջ, 15 հոկտեմբեր 2011-ին ըսած էր` ''Քրիստոնեաները պարտականութիւնն ունին դատապարտելու ''չարը'' ու վկայելու մարդու արժանապատուութիւնը եւ յառաջացնելու զօրակցութեան ձեւեր ի նպաստ հասարակաց բարիքին, որպէսզի մարդկութիւնը դառնայ միշտ առաւել չափով ''Աստուծոյ ընտանիքը''։
Մինչ 24 Նոյեմբեր 2011-ին Քարիթասի բարեգործական հաստատութեան անդամներուն արտասանած խօսքին մէջ Ան հաստատած է ''Մարդկութիւնը պէտք չ՛ունի միայն բարերարներու, այլ նաեւ՝ հեզ եւ ուղիղ մարդոց, որոնք Յիսուսի նման գիտեն իրենց եղբայրակիցներուն մօտ ըլլալ.... մէկ խօսքով մարդկութիւնը յոյսի նշաններ կը փնտռէ։ Ու մեր յոյսի աղբիւրը Տիրոջ մէջ կը գտնուի։ ''Աստուծոյ սէրն է որ կը փոխէ աշխարհը եւ յոյսով կը լեցնէ՝՝ այսպէսով՝ Քրիստոնեաներու յանձնառումը աղքատներուն նկատմամբ, կը մեկնի արդարութեան գաղափարէն հասնելու համար ողորմութեան գործին։
Քալով Ֆրանչիսկոս Պապին, Ան իր քահանայապետութեան առաջին օրերուն իսկ յայտնեց իղձը ունենալու ''աղքատներուն ի նպաստ աղքատ եկեղեցի մը''։ Յունիս 2013-ին ան ըսած է` ''Յիշենք թէ կերակուրը զոր կը մսխենք կարծէս գողցուած ըլլար աղքատի եւ անօթիի սեղանէն'', ապա 26 յուլիսին հրատարակած իր մէկ թուիթին մէջ գրած է` ''Ընկերութեան մը մեծութիւնը ի յայտ կու գայ կարիքաւորի հանդէպ ցուցաբերած վերաբերմունքէն` ան որ ուրիշ բան չ՛ունի եթէ ոչ իր աղքատութիւնը''։
Այս առընչութեամբ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը, 16 նոյեմբեր 2009-ին ֆԱՕ-ի մէջ արտասանած ճառին մէջ հաստատած է թէ ''Անօթութիւնը աղքատութեան ամէնէն առարկայական ու ցաւալի նշանն է''։ Մինչ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` ՖԱՕի 38-րդ նիստի մասնակիցներուն ուղղած իր պատգամին մէջ, 20 յունիս 2013ին, ընդգծեց թէ ''Միլիոնաւոր մարդիկ անօթութենէ կը տառապին եւ կը մեռնին` ասիկա իսկական գայթակղութիւն մըն է'', մինչ զանազան կրօններու եկեղեցական ներկայացուցիչներուն եւ կղերական հաստատութիւններուն ուղղած իր խօսքին մէջ, 20 Մարտ 2013-ին ըսած էր ''Մենք կրնանք շատ բան ընել աղքատին, տկարին, եւ տառապողին բարիքին համար, նպաստելու համար արդարութեան, զարգացնելու հաշտութիւնը, եւ կերտելու խաղաղութիւնը''։
''Երբ միլիոնաւոր մարդիկ կը տառապին աղքատութենէ, որ կր նշանակէ սով, սննդառութեան պակաս, հիւանդութիւն, անգրագիտութիւն եւ փլուզում ... պէտք ենք վերահաստատել զօրակցութեան այն յանձնառումը, որ ուրիշներուն թոյլատրէ ապրիլ, տնտեսական եւ քաղաքական որոշ պարագաներուն մէջ։ (Յովհաննէս Պօղոս Բ - Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր Ժողով 05.10.1995)
Դուրս ելիր սեփական շահերէն որ սիրտդ կը մաշեցնեն, գերազանցէ ուրիշի հանդէպ անտարբերութիւնը որ սիրտը անզգամ կը դարձնէ, յաղթահարէ մահուան պատճառները եւ բացուիր երկխօսութեան ու համերաշխութեան. Նայիր եղբօրդ ցաւին, մտածէ մանուկներուն` ու միայն անոնց.... (ֆրանչիսկոս Պապ` խաղաղութեան համար աղօթքի հսկում, 7 սեպտեմբեր 2013)։








All the contents on this site are copyrighted ©.