2014-10-14 12:33:39

''Ճշմարտութեան ու գթութեան հայեացք մը Միջին Արեւելքի ընտանիքի վրայ'' համաժողովը։


(Ռ.Վ. 14 հոկտեմբեր 2014) Կազմակերպութեամբ ''Նազարէթի Ընտանիքի միջազգային կեդրոն'' Վատիկանի հիմնադրամի եւ համագործակցութեամբ Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին, վերջ գտաւ Միջին Արեւելքի ընտանիքի մասին համաժողովը, որուն նիւթը եղաւ. ''ճշմարտութեան ու գթութեան հայեացք մը Միջին Արեւելքի ընտանիքի վրայ''
Համաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ, Ասորիներու պատրիարք` գերերջանիկ Եունան եւ Քաղտէացիներու պատրիարքը` գերերջանիկ Սաքօ։
Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Փալիայ իր բացման զեկոյցին մէջ ըսաւ. հարկաւոր է կատարեալ զօրակցութիւն յայտնել Միջին Արեւելքի ընտանիքներուն, որոնք դժուար պայմաններու մէջ կ'ապրին։ Նազարէթի Ընտանիքի միջազգային կեդրոնի հետ միասին կ'ուզենք դուրս գալ անտարբերութենէն դրականօրէն ընդառաջելով դժուարութեան ու անձկութեան մէջ ապրող Միջին Արեւելքի ընտանիքներուն ու երաշխաւորելով անոնց մեր լրիւ յանձնառումը։
Նազարէթի Ընտանիքի միջազգային կեդրոնի նախագահը` Սալվատորէ Մարթինէս իր զեկոյցին մէջ բացայայտեց համաժողովին նշանակութիւնը. սիրոյ ներգործութիւն մը հանդէպ Ընտանիքին ու մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի տառապող Ընտանիքին։ Սէր մը որ կ'ենթադրէ ճշմարտութիւն ու արդարութիւն։ Հետեւաբար այս սէրը կարող չէ մեզ թողուլ անտարբերութեան մէջ։
Երուսաղէմի լատիններու պատրիարքը գերերջանիկ ֆուատ Թուալ իր խօսքին մէջ հարց տուաւ թէ ի՞նչպիսի ընտանիք մը կ'ուզենք կազմել Կազայի մէջ, երբ քրիստոնեայ նոր սերունդը աճեցաւ ու ապրեցաւ բռնութեան ու ատելութեան ստուերին տակ։ Մենք կ'աշխատինք վերակառուցել դպրոցները, մանուկները փրկել փողոցներէն, տուներ շինել գաղթական ընտանիքներուն համար։ Անոնք անհատներ են որոնք լուր ու մունջ կը կենան,սակայն իրենց ապրած ողբերգութիւնը իրենց աչքերէն տեսանելի է։
Ասորիներու պատրիարք Գերերջանիկ Եունանը բացականչեց. ''չեմ ուզեր քարոզ կարդալ եւ ոչ ալ օգնութիւն հայցել, կ'ուզեմ միայն հաստատել որ հիւսիսային Իրաքի քրիստոնեաները բնաջնջումի վտանգին մէջ են։ Իսլամ պետութիւնը ահաբեկիչներով կազմուած պետութիւն մըն է պատրաստ քրիստոնեաները սպաննելու եւ գլխատելու։ 1915-ին ապրեցանք հայերու ջարդը թուրքերու ձեռքով։ Յառաջիկայ տարին` պիտի ոգեկոչենք հայերու ջարդին հարիւրամեակը եւ սակայն այսօր եւս նոր ջարդ մը կ'ապրինք։ Պատրիարքը իր միջամտութիւնը եզրափակեց հաստատելով''Այս է մեր կոչումը` ըլլալ Քրիստոսի վկաները մինչեւ զոհաբերում, մինչեւ մահ''։
Քաղտիացիներու պատրիարքը ` Գերերջանիկ Սաքօ ըսաւ. ''Իրաքի քրիստոնեայ ընտանիքը տիպար մը եղած է մահմետականներուն։ Այդ ընտանիքները եւ անոնց երախաները յոյս մըն են։ Խօսուեցաւ Կազայի վերաշինութեան մասին, սակայն ի՞նչու սպաննել, կործանել եւ ապա վերաշինել։ Ասիկա անտրամաբան կեղտոտ քաղաքականութիւն մըն է։ Ի՞նչու է այս ամէնը, հարց տուաւ Սաքօ պատրիարքը արտայայտելով իր կսկիծն ու ցաւը։ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.