2014-10-11 11:43:19

Սիւնհոդոսական հայրերը հալածուած քրիստոնեաներուն համար աղօթք կը կատարեն Հռոմի նահատակաց սրբավայրին մէջ։


(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) Կազմակերպութեամբ Սան Էճիտիօ հասարակութեան, կիրակի 12 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6.30- ին, Ս. Բարթողոմէոս առաքեալի նուիրուած պազիլիքային մէջ, սիւնհոդոսական հայրերը աղօթք պիտի բարձրացնեն առ Աստուած հալածուած քրիստոնեաներուն համար։ Աղօթքը կը գլխաւորէ Վիեննայի առաջնորդը` կարդինալ Քրիստոֆ Շոնպորնը։
Սրբազան արարողութեան ընթացքին մասնաւորապէս պիտի ոգեկոչուի յիշատակը ժամանակակից բազմաթիւ նահատակներու եւ բոլոր այն քրիստոնեաներուն որոնք կը հալածուին ու կը հարստահարուին իրենց հաւատքին համար` թէ Միջին Արեւելքի եւ թէ աշխարհի զանազան վայրերուն մէջ։
Յայտնենք որ Բարթողոմէոս առաքեալի նուիրուած նահատակաց սրբավայրին մէջ զետեղուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու մասունքները, եւ թէ Պազիլիքան ժամանակին եղած է երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանին կարդինալական աթոռը։







All the contents on this site are copyrighted ©.