2014-10-11 08:42:20

Հայաստան ստորագրեց ԵՏՄ-ին միանալու փաստաթուղթերը


Հայաստան ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու փաստաթուղթերը: Այս մասին կը յայտնէ Armenpress-ը։
Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մինսկի մէջ Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին:
ԵՏՄ լիիրաւ անդամակցութեան Հայաստանի պայմանագիրը ստորագրեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՏՄ միւս անդամ-պետութիւններուն` քաղաքական աջակցութեան համար եւ ընդգծեց, որ Հայաստան պատասխանատւութեամբ կը վերաբերի իր անդամակցութեան:
Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ ԵՏՄ անդամները իրենց խորհրդարաններու մէջ մինչեւ տարեվերջ պիտի վաւերացնեն պայմանագիրը, որպէսզի, Հայաստանը եւս Յունուար 1-էն դառնայ լիիրաւ անդամ:








All the contents on this site are copyrighted ©.