2014-10-09 09:22:01

Քոպանիի քիւրտերու աջակցութեան եւ Անգարայի ցուցաբերած անտարբերութեան դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած է 14 զոհ


Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8ին, Քոպանիի (Այն Արապ) մօտ բուռն բախումները շարունակուեցան՝ կեդրոնանալով յատկապէս անոր արեւելեան արուարձաններուն մէջ: Քրտական աղբիւրներ կը հաստատեն, թէ մէկ օր առաջ «Իսլամական պետութիւն» կոչուղ կազմակերպութեան զինեալները յաջողած էին մուտք գործել քաղաք, սակայն դաշնակից ուժերու օդանաւերուն կողմէ անոնց դիրքերուն վրայ կատարուած յարձակումներէն ետք՝ անոնք նահանջած են։
Օդային ռմբակոծումները Չորեքշաբթի օր եւս շարունակուած են:
Քաղաքական գետնի վրայ, «Նիւ Եորք Թայմզ»ը Չորեքշաբթի օր գրած է, որ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարին գծով Անգարայի դիրքը սրած է Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, իսկ Փենթակոնէն աղբիւրներ հաստատած են, որ Սպիտակ տունը ճնշում կը բանեցնէ Անգարայի վրայ, որպէսզի Թուրքիա անմիջական օժանդակութիւն տրամադրէ Քոպանիի քիւրտերուն, սակայն ընդունած է, որ այս գծով վերջնական որոշումը Թուրքիոյ կառավարութիւնը պիտի տայ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը պնդէ, թէ Թուրքիա Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններուն պիտի մասնակցի միայն այն պայմանով, որ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտի մը ստեղծուի:
Թրքական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ տարածքին, Քոպանիի քիւրտերու աջակցութեան եւ Անգարայի ցուցաբերած անտարբերութեան դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած է 14 զոհ: Կան նաեւ բազմաթիւ վիրաւորներ։
Պոլսոյ, Անգարայի, Ատանայի, Արդուինի, Հաքքարի, Տիգրանակերտի, Սասնոյ, Տերսիմի, Մուշի, Էրզրումի, Վանի եւ Վարդոյի մէջ Հոկտեմբեր 7ին եւ 8ին արիւնալի բախումներ կայացած են քիւրտ ցուցարարներու եւ ոստիկանութեան միջեւ:
Քիւրտ ցուցարարները կը բողքեն հիւսիսային Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ սահմանամերձ Քոպանի քրտական քաղաքին վրայ «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան (ISIS) կողմէ շղթայազերծուած յարձակումին դէմ: Թրքական բանակի սահմանապահ ուժեր արգելք կը հանդիսանան, որ պաշարուած Քոպանին պաշտպանող քիւրտ մարտիկներուն օգնութիւն տրամադրուի թրքական սահմանէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.