2014-10-06 10:02:00

Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական դասի գնահատումով ընտանիքի հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը անմիջական արդիւնք պիտի չտայ։


''Որոշումները հաւանաբար կ՛առնուին 2015-ի աշնան''։

Գերապայծառ Մարքուս Պիւշել` Զուիցերիոյ եպիսկոպոսական դասի նախագահը, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով մատնանշեց որ ներկայ ընտանիքի սիւնհոդոսն պէտք չէ սպասել անմիջական պատասխաններ եւ արդիւնքներ որովհետեւ ոչ մէկ որոշում պիտի առնուի նախքան ընտանիքի երկորդ ժողովը որուն աշխատանքները նախատեսուած են 2015-ի աշնան։
Ան ընդգծեց նաեւ որ ընտանիքի մասին սիւնհոդոսը պիտի չքննարկէ արեւմտեան Եւրոպայի լոկ խնդիրները, այլ կան այլ ցամաքամասերու խնդիրներ` ինչպէս Ափրիկէի մէջ բազմակնութեան հարցը որ գոյութիւն ունի նաեւ կաթողիկէ ընտանիքներուն մէջ։
Գերապայծառ Պիւշել ողջունեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետին արի որոշումը սերտելու ընտանիքի խնդիրը, ընդգծելով որ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի բացումը աշխարհի մէջ ապրող Եկեղեցւոյ համար քառաթեւ մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.