Ֆրանսա կը դատապարտէ Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ աւերումը
Ֆրանսայի արտաքին գործոց եւ միջազգային զարգացման նախարար Լորան Ֆապիւս Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր
1ին անդրադարձած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ վրայ կատարուած յարձակումին՝ խստօրէն
դատապարտելով կատարուածը: «Կը դատապարտեմ հայ համայնքին համար մեծ խորհուրդ ունեցող
Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ քանդումը: Ֆրանսան կ՛ողջունէ սրբավայրերու նկատմամբ
հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի համար պայքարելու բոլոր հոգեւոր առաջնորդներու յանձնառութիւնը»,
ըսած է նախարարը, ըստ Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատան: Լորան Ֆապիւս նաեւ շեշտած
է, որ սուրիական եւ իրաքեան մշակութային ժառանգութիւնները սպառնալիքի տակ են: «Մշակութային
ժառանգութիւնը պաշտպանելու պարտաւորութեան թերացումը պատերազմի յանցագործութիւն է, որուն
պատասխանատուները պիտի պատժուին Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ: ՄԱԿի կրթութեան,
գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան հետ միասին, Ֆրանսան մշակութային ժառանգութեան
պահպանութեան մասին համաձայնագիրները յարգելու կոչ կ՛ընէ», աւելցուցած է նախարարը: Նշենք,
որ ինքզինք «Իսլամական պետութիւն» կոչող ծայրայեղական խմբաւորումը Սեպտեմբեր 21ի առաւօտեան
պայթեցուց Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին, որ նուիրուած է Հայկական Ցեղասպանութեան
զոհերու յիշատակին: Հոն ամփոփուած էին Մեծ Եղեռնի բազմաթիւ նահատակներու մասունքները։