2014-10-02 11:44:02

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը նաւաբեկութեան աղէտէն վերապրող գաղթականներուն հետ ''կ՛աղօթեմ որպէսզի փակ դռները բացուին''


Չորեքշաբթի, 1 հոկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին կից գտնուող սրահի մը մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց, անցեալ 3 հոկտեմբեր 2013-ին, Լամփէտուզա կղզիին նաւաբեկութեան աղէտէն վերապրողներէն եւ անոնց հարազատներէն կազմուած պատուիրակութիւն մը։
Նշենք, թէ Լամփէտուզա կղզիի նաւաբեկութեան ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցին 385 գաղթականներ։
Հանդիպումի աւարտին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի ընդհանուր տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, թէ վերոյիշեալ պատուիրակութիւնը կազմուած էր 37 անձերէ՝ բոլորը Էրիթրէացի, որոնք ժամանած են Եւրոպայի զանազան երկիրներէ ուր՝ հիւրընկալուած են ընտանիքներու մօտ։
Հայր Լոմպարտին յայտնեց, թէ գաղթականներէն մէկը անգլերէն Լեզուով աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն խնդրեց Ֆրանչիսկոս Պապէն։ Իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը անոնց ուղղած խօսքին մէջ, յուզումով անոնց ըսած է թէ ''չկան բառեր որոնք կարող են արտայայտել իր զգացումները''։ Ան ապա յայտնեց թէ ''երբեմն երբ կը թուի, թէ հասած ենք նաւահանգիստ. հոն կը գտնենք դժուարութիւններ, փակ դռներ ու չենք գիտեր ուր երթալ։ Սակայն կան նաեւ բազմաթիւ անձեր որոնք բաց սրտեր ունին։ Ու սրտի բաց դուռեր ունենալը կարեւորագոյն իրողութիւն է այս պահերու ընթացքին։ Կը խնդրեմ Եւրոպայի այրերէն եւ կիներէն որ բանան իրենց սրտի դռները։ Ձեզի կ՛ուզեմ յայտնել իմ մօտիկութիւնս, կ՛աղօթեմ ձեզի համար, ու կ՛աղօթեմ որպէսզի փակ դռները բացուին։
Հանդիպման աւարտին յատուկ նուէր մը յանձնուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին։
Հայր Լոմպարտին ապա յայտնեց, թէ օրինագիծ մը ներկայացուած է որպէսզի 3 հոկտմեբերը ճանչցուի որպէս ''նաւաբեկութեան զոհերու օր''։







All the contents on this site are copyrighted ©.