“Երեւան` իմ տուն” հասարակական աջակցութեան ծրագրի ծիրէն ներս տարեցներու միջազգային
օրը հաճելի անակնկալ մատուցուած է Երեւանի մէջ բնակող 100 եւ աւելի բարձր տարիք ունեցող
22 տարեցներու: Այս մասին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանի մամուլի ծառայութենէն: Երեւանի
քաղաքապետարանի եւ վարչական շրջաններու պատասխանատուները այցելած են բոլոր տարեցներուն
եւ Երեւանի քաղաքապետի անունով շնորհաւորելով ու առողջութիւն մաղթելով` յանձնած նուէրներ: Ծրագրին
մէջ ընդգրկուած մէկ դարը ամբողջացուցած քաղաքացիներուն մէջ են նաեւ Ցեղասպանութիւնը վերապրածները: