2014-10-02 17:01:17

Սկիզբ առաւ Միջին Արեւելքի երկիրներու Առաքելական նուիրակներու ժողովը։


Ի տես վերջին ամիսներուն Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կամքով, 2 – 4 Հոկտեմբեր 2014, Վատիկան կանչուեցան մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակները, որպէսզի Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուներուն հետ միասին քննարկեն ''Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու գոյատեւման հարցը''։
Ժողովին կը մասնակցին Եգիպտոսի, Իսրայէլի, Երուսաղէմ/Պաղեստինի, Յորդանան/Իրաքի, Լիբանանի, Սուրիայի եւ Թուրքիոյ առաքելական նուիրակները ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոմիութեան մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտերը, մինչ Հռոմի Քուրիայէն կը մասնակցին Վատիկանի Պետքարտուղարի գլխաւորութեամբ, անոր փոխանորդը, ենթաքարտուղարը, եւ Վատիկանի արտգործ նախարարը, ապա Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին, որ վերջերս Իրաք մեկնած էր որպէս Քահանայապետի յատուկ պատուիրակ, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի, միջ կրօնական երկխօսութեան, քրիստոնեաներու միութեան, խաղաղութիւն եւ արդարութիւն, գաղթականներու եւ թափառաշրջիկներու հովուական խնամակալութեան քահանայապետական խորհուրդներու պատասխանատուները եւ Քոր Ունում - մէկ սիրտ - քահանայապետական բարեսիրական հաստատութեան անդամները։
Հինգշաբթի, 2 հոկտեմբերի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը ուզեց անձամբ ներկայ գտնուիլ վերոյիշեալ ժողովի բացումին եւ այս առթիւ ժողովականներուն ուղղած խօսքին մէջ անոնց յայտնեց իր մտահոգութիւնը ի տես զանազան վայրերու մէջ տեղի ունեցող պատերազմներուն եւ ահաբեկչական արարքներուն։ Ան ապա ակնարկեց ապօրինի զինավաճառութեան հարցին որ բազմաթիւ խնդիրներու հիմքն է, ինչպէս նաեւ մարդկայնական ողբերգութեան որուն զոհ են բոլոր անոնք որ ստիպուած եղած են հեռանալ իրենց երկիրներէն։
Սրբազան Հայրը ապա ընդգծելով աղօթքի կարեւորութիւնը յոյս յայտնեց որ ժողովականները կարենան նոր նախաձեռնութիւններ առաջարկել, Եկեղեցւոյ զօրակցութիւնը ցուցաբերելու Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն եւ միջազգային հասարակութիւնն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը ներգրաւեն, համապատասխանելու շրջանի մէջ ապրող անհատներուն կարիքներուն։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի արտասանած խօսքէն ետք, խօսք առաւ Պետական Քարտուղարը ու ապա զեկոյց ունեցաւ Արեւելեանն Եկեղեցիներու կառավարիչը որմէ ետք տեղի ունեցան Միջին Արեւելքի առաքելական նուիրակներու միջամտութիւնները։
Յետմիջօրէին ''Մէկ Սիրտ - Քոր Ունում'', բարեսիրական հաստատութեան նախագահը ժողովականներուն ներկայացուց Սուրբ Աթոռի մարդասիրական գործունէութիւնները ի սպաս արեւելքի քրիստոնեաներուն, ապա խօսք առին քահանայապետական միջ կրօնական խորհուրդի նախագահը եւ Քահանայապետի Իրաքի համար յատուկ պատուիրակ` Կարդինալ Ֆերնանտօ Տիլոնին։ Առաջին օրուայ նիստերը կ՛եզրափակուին ժամասացութեան աղօթքով։








All the contents on this site are copyrighted ©.