Հայաստան պէտք է նպաստէ սփիւռքի Հայկական դպրոցներու պահպանման յայտնեց Վարչապետ Աբրահամեան։
Սփիւռքի հայկական դպրոցներու պահպանութեան համար միջոցներ պէտք չէ խնայել, յայտարարած
է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Չորեքշաբթի, 1 Հոկտեմբերին, Սփիւռքի նախարարութիւն
կատարած այցին ընթացքին: Վարչապետը սփիւռքի նախարարութեան 6ամեայ գործունէութեան ամփոփման
նուիրուած ձեռնարկին մասնակցած էր եւ այդ առթիւ մօտէն ծանօթացած աշխատակազմի անդամներուն: «Տիկին
նախարար, Սփիւռքի հայկական դպրոցների պահպանութեան հարցում եւս միջոցներ չի կարելի խնայել,
եւ ՀՀ կրթութեան ու գիտութեան նախարարի հետ ջանք չպէտք է խնայէք՝ այս ուղղութեամբ դրական
արդիւնքներ արձանագրելու եւ առկայ խնդիրները յաղթահարելու համար», յայտարարած է Յովիկ
Աբրահամեան: Վարչապետը, բարձր գնահատելով սփիւռքի նախարարութեան կատարած աշխատանքները,
ընդգծած է գերատեսչութեան դերի կարեւորութիւնը նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան
ամրապնդման գործին մէջ: