2014-10-02 08:43:59

Կարդինալ Լորէնցօ Պալետիսսէրին կը ներկայացնէ Եպիսկոպոսներու Գ ընդհանուր եւ արտակարգ սիւնհոդոսը։


Ուրբաթ, 3 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար Կարդինալ Լորէնցօ Պալտիսսէրի, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի սրահին մէջ, մամուլին կը ներկայացնէ Եպիսկոպոսական Գ ընդհանուր եւ արտակարգ սիւնհոդոսի նիւթին եւ աշխատանքային մեթոտի մասին տեղեկութիւններ։
Եպիսկոպոսական Գ ընդհանուր եւ արտակարգ սիւնհոդոսը որուն բնաբանն է ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'', տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ, 5 – 19 հոկտեմբեր 2014։ Սիւնհոդոսական նիստերուն կը մասնակցին 250է աւելի պատուիրակներ` Կարդինալներ, Եպիսկոպոսներ, Արեւելեան Եկեղեցիներու պատրիարքներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, եկեղեցականներ, մասնագէտներ եւ աշխարհականներ։
Վերոյիշեալ սիւնհոդոսի գումարումը յայտարարուած էր, 8 հոկտեմբեր 2013-ին։ Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցողն է` Կարդինալ Փիթէր Էրտօ` Հունգարիոյ Պուտաբեշտի Արքեպիսկոպոսը, մինչ Սիւնհոդոսի յատուկ քարտուղարութիւնը յանձնուած է Իտալիոյ Վասթօ – Քիէթի թեմին արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Պրունօ Ֆորթէի ( Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի նշանակութեամբ 14 հոկտեմբեր 2013-ին)։
Իսկ 15 մարտ 2014-ին, Ֆրանչիկսոս Պապը, Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստերու նախագահներ անուանեց` Կարդինալ Անտրէ Վէն Թրուան` Փարիզի Արքեպիսկոպոսը, Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը եւ Կարդինալ Ռայմունտօ Տամաշէնօ Ասսիզ` Ափարեսիտայի Արքեպիսկոպոսը։
Յայտնենք որ Ընտանիքն նուիրուած սիւնհոդոսի աշխատանքները պիտի շարունակուին նաեւ 2015-ին նախատեսուած եպիսկոպոսական սովորական սիւնհոդոսի ընթացքին, որուն աւարտին պիտի հրատարակուի նաեւ սիւնհոդոսական վաւերաթուղթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.