2014-10-02 08:30:44

Խօսէ ինծի Հայ Եկեղեցիի մասին


Կրօնի ըմբռնումը

Կրօնի մասին նշուած այս զանազան տեսակէտները ներկայացնելէ ետք, փորձենք կատարել «կրօն» հայերէն բառին ստուգաբանութիւնը եւ ըմբռնումը:
«Կրօն» հայերէն բառին ծագումը ոմանք կը բացատրեն «կրել, ստանձնել, յանձնառու դառնալ», ուստի պաշտել(ծառայել) ու պաշտամունք ընել իմաստներով: Իսկ ուրիշներ «կրօն» բառին ստուգաբանութիւնը կը կապեն «կիր» կամ «կիրք» բառերուն, զգացական պահանջքի իմաստով:
Սակայն ինչ ալ ըլլայ բառին ստուգաբանութիւնը, կրօնը իմացական մարդուն եւ Գերագոյն Էակին միջեւ բազմատեսակ յարաբերութիւններու արտայայտութիւնը կամ ամբողջութիւնն է: Գերագոյն Էակին եւ մարդուն միջեւ այս յարաբերութիւնները երեք հանգրուաններու կը բաժնուին.
    Առաջին հանգրուանին` մարդը կը ճանչնայ Գերագոյն Էակի մը գոյութիւնը իր մտքին զօրութեամբ եւ կ'ընդունի անոր գերակայու-թիւնը:
    Երկրորդ հանգրուանին` մարդը կ'ընդունի Գերակայ Էակը իբր իր տէրը եւ կը խոնարհի անոր իշխանութեան առջեւ:
    Երրորդ հանգրուանին` մարդը ընդունելէ ետք իր ենթակայութիւնը Գերագոյն Էակին հանդէպ, զայն կ'արտայայտէ պաշտամունքով` զանազան ձեւերու տակ` աղօթք, երգ, պար, ողջակէզ:

Կրօնի մը ծագման հիմնակէտը երեք տեսակ է, նախ`բնութիւնը, ինչպէս արեւ, անձրեւը, ապա հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը` ինչպէս Պուտտան, եւ հուսկ աստուածային յայատնութիւն մը:
ա- Բնութիւնը – Ասիկա բնական կրօնն է, ծնած`բնութենէն` առանց վարդապետութեան կամ ուսումնասիրութեան մը մշակումին:
բ- Հեղինակաւոր անձնաւորութիւն մը- Մեծ իմաստունի մը կողմէ յղացուած կամ մշակած կրօնն է, որուն կ'ընկերակցին վարդապետա-կան կամ բարոյական տեսութիւններ կամ խրատներ, ինչպէս Պուտտա, Կոնփուկիոս:
գ- Աստուածային յայատնութիւն մը – Ուղղակի Աստուծոյ կիղմէ անձի մը յայտնուած միաստուածութեան կրօնն է, որ գրի առնուած է գիրքի մէջ, ինչպէս` քրիստոնեաներուն Աստուածաշունչը, հրեաներուն Թալմուտը, իսլամներուն Գորանը:


Քաղուած` Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի գիրքէն







All the contents on this site are copyrighted ©.