2014-10-02 09:27:02

Զմմառու վանքի մասնակցութիւնը հայկական գրադարաններու միջազգային երրորդ համաժողովին


2014 թուականի Հոկտեմբերի 6-7-ը «Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի» խորագրով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ (ք. Վաղարշապատ) և Երեւանի մէջ պիտի գումարուի Հայկական գրադարաններու միջազգային երրորդ համաժողովը։
Համաժողովը շարունակութիւնն է Հայկական գրադարաններու առաջին համագումարին, որ տեղի ունեցաւ 2009-ին, և 2012-ին՝ երկրորդ համաժողովին, որ նուիրուած էր Հայ գրատպագրութեան 500-ամեակի և «Երեւանը գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» հռչակման:
Համաժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին հետեւեալ երեք նիւթերը.
• Գրքափոխանակութեան կազմակերպում, ներառելով.
o Հայկական կեդրոնները։
o Հայկական գրականութիւն ունցող օտարերկրեայ գրադարանները։
o Մեծ հաւաքածոյ ունեցող անհատները։
• Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցին ընդառաջ։
• Հայկական ժառանգութեան էլեկտրոնային շտեմարաններ ստեղծելու հնարաւորութիւններ.
o «Հայ պարբերական մամուլ»
o «Հայ գիրք»
Համաժողովի ընթացքին, կ'ակնկալուի նաեւ անդրադառնալ հայկական գրադարաններուն և հայագիտական կեդրոններուն մէջ հայ հնատիպ գիրքերու առկայութեան, եզակի հաւաքածոներու թուայնացման ուղղութեամբ կատարուած և կատարուելիք աշխատանքներուն, հաւաքածոներու էլեկտրոնային նկարագրման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն, հայագիտական հաւաքածոները տեսանելի դարձնել համացանցին մէջ, հազուագիւտ հաւաքածոներու պահպանման ու վերականգնման աշխատանքներու ընթացքը։
Յանուն Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան, Վերոյիշեալ համաժողովին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Զմմառու Տիրամօր վանքի մատենադարանապետ՝ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան, Համաժողովի իր զեկուցման նիւթ ունենալով.- «Զմմառու վանքի
Հնատիպ և վաղ շրջանի գիրքերու ցուցակագրման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները և Զմմառու վանքի վարչութեան հետապնդած նպատակը»:







All the contents on this site are copyrighted ©.