2014-10-01 09:46:29

Հոնկ Քոնկի մէջ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին


Չինաստանի յատուկ վարչական շրջան Հոնկ Քոնկի մէջ արդէն 5-րդ օրը ըլլալով կը շարունակուին բողոքի ցոյցերը, որոնց մասնակիցները կը պահանջեն շրջանի ընտրական համակարգի ժողովրդավարացում, բան մը, որ Փեքին կը մերժէ:
«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ ցուցարարները երէկ գիշեր սկսած են պատնէշներ կառուցել եւ ջուրի ու մթերքի պաշար հաւաքել` պատրաստուելով երկարատեւ ճակատումի:
Ըստ կարգ մը փորձագէտներու, իրավիճակը այսօր կրնայ փոխուիլ: Այսօր կը նշուի Չինաստանի Ժողովրդային հանրապետութեան ստեղծման տարեդարձը եւ չի բացառուիր, որ ոստիկանութիւնը փորձէ ցրուել ցուցարարները: «Ամէն պարագայի, մենք այստեղ կը մնանք», յայտարարած է ցուցարար ուսանողներու բանբերը եւ աւելցուցած, որ յաջորդ գիշերը ամէնէն ծանրը պիտի ըլլայ:
Հոնկ Քոնկի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ Թոքիոյի սակարանին մէջ արձանագրուած է բաժնետոմսերու գիներու անկում: Իրավիճակի անկայունութիւնը բացասաբար կ՛ազդէ ներդրողներու տրամադրութիւններուն վրայ:
Ոստիկանութեան կողմէ արցունքաբեր կազով յարձակումի ենթարկուելէ ետք, ցուցարարները զինուած են հովանոցով եւ ձեռքի տակ եղած այլ իրերով, որոնք կրնան պաշտպանել կազէն: Այդ պատճառով շատեր սկսած են բողոքի ցոյցը անուանել «Հովանոցներու յեղափոխութիւն»:
Հոնկ Քոնկի ղեկավար Ս. Եու. Լէունկ ցուցարարներուն կոչ ուղղեց «անմիջապէս» դադրեցնելու իրենց արշաւը` աւելցնելով, որ ինք պիտի չհրաժարի:







All the contents on this site are copyrighted ©.