2014-10-01 10:53:50

Հայ եկեղեցին եւ Հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Կեա՞նք, թէ ապրուստ
՜՜Ի՞նչ է ուզածդ, կեա՞նք, թէ ապրուստ՝՝
Հարցում մը ուղղուած՝ մէկու մը, որ կը խորհէր նախ մեծ գումար հաւաքել ու ի պահ դնել, հետագային զայն վայելելու համար, ու անով տնտեսելու իր կեանքը:
Պատճառաբանութիւններու չլսուած տեսակները կը շարէր ան կողք/կողքի, անհատնում օրինակներով զանոնք ամրագրելու փորձեր եւս կատարելով, շեշտելու համար ապրուստին կարեւորութիւնը: Իսկ ես փորձեցի բացատրել, թէ ի՞նչ արժէք պիտի ունենայ վաստակած ապրուստդ, երբ կեանքդ սպառես ապրուստ հաւաքելու ճամբուն վրայ…
Այս շփոթը երիտասարդութեան կեանքին մէջ ալ սկսեր է յայտնուելու ներկայ ժամանակներուն, երբ շա՛տ եւ շո՛ւտ դրամ շահելու ճամբուն վրայ, անոնք ապագայ կերտելու յաւելեալ ճիգ կը կատարեն: Վստահաբար մասնաւոր արեւելում պէ՛տք է տրուի երիտասարդութեան, որպէսզի կարենայ կողմնորոշուիլ եւ կերտել իր ապագան: Սակայն ապագան կերտելու սիրոյն, կեանքը տուժել՝ պարզապէս յիմարութիւն է:
՜՜Կեանք՝՝ բառի ճշգրիտ իմաստին քիչեր միայն կրցած են թափանցել: Ատոր նշանակութիւնը ամբողջովին հասկցողները անոնք են, որոնք կեանքը իսկապէս կը սիրեն: Կեանքը պէտք է սիրել՝ զայն ապրելու համար: Անոնք որոնք կեանքը չե՛ն սիրեր, կը հրաժարին անկէ տարբեր ձեւերով. ոմանք անձնասպանութեամբ, ոմանք իրենց նմանին հանդէպ ոխ, ատելութիւն ու թշնամանք սնուցանելով, ուրիշներ ներամփոփ կեանքի ու մելամաղձոտ առանձնացումի ենթարկելով իրենց անձը ու այլ կերպերով:
Ինչո՞ւ նեղուիլ կեանքէն, երբ անիկա եղած է մեզ երջանկացնելու համար: Պարզապէս այս կեանքին մէջ մեր գոյութեան պատճառը եւ մեր իսկական տեղը չիմանալու հետեւանք է կեանքէն նեղուելու անհիմն երեւոյթը:
Նախամարդուն դրախտային իրավիճակը ու մեղքէ զուրկ եւ ամէն մտահոգութենէ հեռու ըլլալու փոխաբերական պատկերները, յստակ գաղափար կու տան մեզի թէ՝ Արարիչը այս կեանքը մեզի պարգեւած է մեզ երջանկացնելու համար: Ուրեմն ան որ արժէքը չի՛ գիտեր այս մեծ հարստութեան, պարզապէս արժանի չէ՛ այդ մեծ շնորհքին:
Ինչո՞ւ աճապարանքը, փութկոտութիւնը կամ աւելորդ մտահոգութիւնը կեանքի տեւողութեան համար:
Աւելորդ մտահոգութիւնը նաեւ ապրուստի ճամբով կերտուելիք ապագայի համար իսկապէս անիմաստ է, եթէ կշիռքի միւս նժարին մէջ դնենք մեր կեանքը: Կեա՞նքը կարեւոր է, թէ ապրուստը: Ոմանք պիտի ըսեն՝ անոնք զիրար կը լրացնեն: Այո՛, համաձայն ենք, սակայն երբ անոնց համահաւասար արժէ՛ք տրուի, իւրաքանչիւրին տալով համապատասխան տեղ մեր կեանքին մէջ: Իսկ երբ միայն ապրուստը նկատի ունենանք, օր մըն ալ պիտի տեսնենք, թէ ատոր դժուարութիւնները բառնալու մեր ամբողջ ճիգին մէջ մոռցած ենք բուն արժէքը՝ կեանքը, որուն համար կը խորհէինք պայքարած ըլլալ, տրամադրելով մեր ամբողջ ժամանակը: Այս ճիգը թափողներուն այնպէս կը թուի, թէ կեա՛նքը կը դաւանին առաջնահերթ, սակայն ապրուստը ճարելու իրենց հեւքոտ վազքին մէջ յանկարծ պատրանաթափ կ՛ըլլան, տեսնելով որ կորսնցուցեր են իսկականը՝ կեանքը:
Կեանքը աւելի՛ կ՛արժէ քան՝ ապրուստը: Ասոր մասին առարկութիւն կարելի չէ՛ ընել, այնպէս ինչպէս մարմինը աւելի կ՛արժէ, քան՝ հագուստը, ինչպէս կը սորվինք Յիսուսի մտածողութենէն (Մտ 6.25): Հիւանդ մարմինը ի՞նչ ընէ գեղեցիկ հագուստը: Հիւանդանոցին մէջ կռնակին վրայ փռուած հիւանդին խօսիր ամէնէն նորաձեւ զգեստին մասին, ան քեզի պիտի պատմէ ի՛ր «զգեստին», իր մարմնի ցաւերուն մասին…
իր աշխատանքին անքակտելիօրէն փարած մարդուն դարձեալ հարցուցի.՜՜ Ի՞նչ է ուզածդ՝՝։ Ան տակաւին չէր կրնար ազատել իր անձը առօրեայ բաներու նկատմամբ ունեցած նողկանքէն եւ զուր կը ճգնէր ապրուստ ապահովել, (դրամ շահիլ) կեանք ունենալու համար… Փցուն մտահոգութիւններով ու հիւանդագին հաշիւներով լեցուն կարաւաններ ամէն օր կ՛անցնին մեր կեանքի թաղերէն, երանի՜ անոր, որ այդ կարաւաններէն մէկուն կամ միւսին ետեւէն վազող ստրուկներու կացութենէն կը փրկէ իր անձը: Անոնք ՜՜հնչուն ոսկիներով լեցուն եւ լաւ ապրուստ ապահովող կարաւաններ են, որոնց սիրոյն ոմանք նոյնիսկ կը կ՛ուզեն կամաւորաբար գերեվարուիլ:
Սակայն կասկած չկայ, թէ կեանքը աւելի՛ կ՛արժէ, քան՝ ապրուստը…







All the contents on this site are copyrighted ©.