2014-09-30 14:34:12

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզն ու գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը ընդունեց Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական կազմը։
Երեքշաբթի, 30 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Պրազիլի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Կարտինալ Ռայմունտօ Տամաշէնօ Ասսիզ ու անոր ընկերացող` համահաւաք դասի փոխ նախագահ գերապայծառ Խօսէ Պելիսարիօ Տէ Սիլվա եւ ընդհանուր քարտուղար` գերապայծառ Լէօնարտօ Ուրլիխ Սթեյնէր։
Իսկ առաւօտեան ժամը 7-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աղօթել տառապողներուն համար։
Ներշնջուելով Յոբ նահապետի գիրքէն Սրբազան Հայրը ընդգծեց աղօթքի կարեւորութիւնը։ Երբ Յոբ կորսնցուց հարստութիւնն ու ինչքերը անիծեց իր ծնած օրը։ Նոյնը ըրաւ Յիսուս երբ բացագանչեց` Հայր ինչու թողուցիր զիս։ Արդեօք այս խօսքերը հայոյեանք են հարց տուաւ քահանայապետը ու նշեց թէ շատ անգամ հանդիպած է անձերու որոնք դժուար պահեր կ՛ապրին եւ իրենց զիրենք լքուած կը սկսան ու կը սկսին դժգոհիլ հարց տալով ինչու ու կ՛ապստամբին Աստուծոյ դէմ։ Մինչ ես կ՝ըսեմ շարունակեցէք աղօթել միեւնոյն ձեւով, դժգոհութիւն յայտնելով որով այս ալ աղօթք է այնպէս ինչպէս աղօթք էր Յիսուսին խօսքը Րաբբի ՝՝լա մա սապակդանի՝՝
Իսկական աղօթքը կը բխի սրտէն – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը – կը բխի ապրուած պահէն։ Բազմաթիւ մեր քոյրեր ու եղբայրներ որ այլեւս անյոյս են կ՛ապրին Յոբ նահապետի փորձառութիւնը։ մտաբերենք մեր եղբայրակիցներուն որոնք իրենց հաւատքի պատճառաւ տեղահան եղան ու ամէն ինչ կորսնցուցին։ Մտաբերենք ծերունիները որ անտեսուած են կամ հիւանդները որոնք միայնակ են։ Իսկ մենք երբ նշոյլ մը խաւարի կը հանդիպինք մեր կեանքին ընթացքին կը կարծենք թէ մարտիրոսներ ենք ու կը դադրինք աղօթելէ – ըսաւ Սրբազան Հայրը մէջբերելով Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի թերեզայի օրինակը որ իր կեանքին վերջին օրերուն, յարատեւ կ՛աղօթէր քաջութիւն հայցելով երկինքէն յառաջ ընթանալու համար։ Յիսուս եւս ձիթենեաց պարտէզին մէջ ապրեցաւ լքումի փորձառութիւնը յարեց Նորին սրբութիւնը ու ապա տուաւ երկու թելադրանքներ` պատրաստուիլ խաւարային օրերը դիմագրաւելու ու պատրաստել նաեւ մեր սրտերը եւ երկրորդ աղօթել համայն եկեղեցւոյ հետ միասին բոլոր այն մեր եղբայրներուն եւ քորերուն համար որոնք կ՛ապրին աքսորի մէջ, տառապանքի ու խաւարի պահեր առանց յոյսի։







All the contents on this site are copyrighted ©.