2014-09-30 08:45:33

Ճշմարիտ իմաստութիւնը


RealAudioMP3 Բայց Յիսուս ըսաւ Սիմոնի «Մի վախնար, այսուհետեւ դուն մարդիկ պիտի որսաս կեանքի համար»: (Ղուկ 5, 10)
Իմաստութիւնը մեզ կ'առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւնը եւ կեանքի յաջողութիւնը: Յիսուս միշտ կը շեշտէր իմաստութեան վրայ որովհետեւ քրիստոնէութեան էական ճշմարտութիւնները եւ Աստուծոյ երեւոյթները հասկնալու համար ունենալու ենք իմաստի կեցուածքը մեր հոգեւոր կեանքը աւելի յառաջ տանելու համար:
Յիսուս յաճախ ուզեց փորձել իր առաքեալները թէ որքանով կրնային իմաստուն գտնուիլ իրենց առաքելութեան նոր ճանապարհին մէջ: Հոս կը գտնուինք ծովուն մէջ ուր մի քանի աշակերտներ Պետրոսի գլխաւորութեամբ՝ ձուկ կ'որ-սային: Սուրբ Պետրոսը կը գտնուէր յուսա-հատութեան եւ դժուարութեան մէջ քանի որ չէր յաջողած ոչ մէկ ձուկ որսալու հակառակ իր ջանքերուն եւ փորձարու-թեան. ան հասած էր յուսահատութեան վերջին աստիճանին:
Այս դէպքին մէջ կը գտնենք հաւատքի նոր եւ կարեւոր ուսուցումի մը առջեւ: Հաւատք ունենալ կը նշանակէ վստահու-թիւն ունենալ Քրիստոսի վրայ հակառակ ամէն տեսակի վոչընդոտութիւններուն եւ այն կացութեան որուն մէջ կը գտնուինք, այսինքն ամէն տեսակ խնդրանքի մը որ մեզմէ կը խնդրուի:
Տրամաբանականօրէն, Սուրբ Պետրոսը պէտք չէր այնքան եւ աւելորդ ժամանակ դնել եւ փորձել մի քանի ձուկ որսալու հակառակ իր ձախողութիւններուն, ան որ ճանչցուած էր որպէս մեղաւոր Յիսուսի մօտ: Բայց Քրիստոսի հրամանը որ տրուե-ցաւ իրեն ետ նետելու ուրկանը զինք ստի-պեց որ վերաներէ իր վստահութիւնն ու հաւատքը Քրիստոսի հանդէպ:
Հաւատքը երբեմն մեզ կ'ուղղէ անյայտ աշխարհի զանզան տեղերու եւ կարգ մը բաներ ընելու որոնք անհասկնալի կը թուին մեզի:
Յաճախ կը հարցուինք մեր քրիստոնեայ հաւատքին մասին, ուր շատ մը բաներ անհասկնալի են առանց հաւատքի, ինչպէս Անարատ յղութիւնը, հրաշքները, Սուրբ Երրորդութեան գաղտնիքը՝ մէկ Աստուած երեք հոգիներով: Հաւատքը իւրաքանչիւրիս կը դպչի: Մեր կեանքին մէջ ալ դէպքերու, հանդիպումներու, չար-չարանքներու մէջ կը գտնուինք առանց ատոր պատճառը կամ իմաստը գիտնալու:
Ճշմարիտ իմատութիւնը կը կայանայ Աստուծոյ կամքը ընդունելուն մէջ եւ իրեն հետ հաւատքով վարուելու որովհետեւ երբ մենք կը գտնուինք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, այն ատեն կարող ենք հաւատքը լիուլի կերպով ապրելու: Ամէն:

Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.