2014-09-29 12:50:49

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Երկուշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Մալթայի հանրապետութեան նախագահ` Մարի Լուիզ Քոլէյրօ Փրէկան ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը, ապա ընդունեց Զուիցերիոյ Ռոզարիոյի մօտ երբեմնի պատուոյ հիւպատոս` Տիար Մարչելլօ Ժուլիօ Մարթին ու անոր ընտանեկան պարագաները, հուսկ ընդունեց Լեհաստանի սահմանամերձ` հարաւային Սասոնիայի նահանգի կառավարիչը` Սթէֆան Ուէյլը ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։
Ժամը 11,45-ին, Քոնչիդթորօ սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Գիրքի Տիեզերական դաշնակցութեան անդամներուն, Իտալերէն լեզուով հրատարակուած Աստուածաշունչի ներկայացման առթիւ։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ միջ կրօնական Աստուածաշունչի մը հրատարակութիւնը կը կարօտի մեծ ջանքերու ու թէ այդ աշխատանքը պտուղն է` համբերատար, ուշադիր, եղբայրական, իրազեկ ու յատկապէս հաւատացեալ ուսումնասիրութեան։
Ան ապա իղձ յայտնեց որ բոլոր քրիստոնեաները կարողանան ''Յիսուս Քրիստոսի գերազանց գիտելիքներուն'' ծանօթանալ` Աստուծոյ խօսքին մշտական ընթերցանութեան ընդմէջէն, ''որովհետեւ Սուրբ Գիրքը հոգւոյն սնունդն է եւ մեր բոլորին հոգեւոր կեանքի բիւրեղ աղբիւրը''։ Հարկ է ուրեմն ամէն ջանք դափել որպէսզի ամէն մէկ հաւատացեալ կարդա Աստուծոյ Խօսքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսքի աւարտին ու ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն իրենց ջանասէր աշխատանքին համար ու քաջալերեց զանոնք յարատեւել այդ ընթացքով ճանչցնելու համար կենդանի Աստուծոյ խօսքը բոլորին։ Թող իմ օրհնութիւնս, որ սրտանց կը շնորհեմ ձեզի ու ձեր համագործակիցներուն, ձեզի ընկերանայ – եզրափակեց Ֆրանչիսկոս Պապը։








All the contents on this site are copyrighted ©.