2014-09-29 11:56:20

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Պարտադրո՛ղ Հաւատքով Լուսանցքակեացին…


ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, «Երիքովի կոյրը» խորագրեալ դէպքը կը պատմեն առաջին երեք աւետարանիչները: Հոս կ՛առնեմ երկրորդին` Ս. Մարկոսին պատմածը (Մրկ. 10,46-52):

Քառասուն տարիներ եւ աւելի, ամէն կարդալուս կը խլրտիմ այս դրուագէն, որուն բովանդակութեան մէջ մէկ կողմէն կը զարնուիմ մարդկային հաւատքէն, եւ, միւս կողմէն, կը զգետնուիմ աստուածային մարդասիրութենէն:

Մարդկային հաւատքը, որ հզօր ու յարատեւ է, ինքզինք կը պարտադրէ եւ կը յաղթէ անպայման:

Աստուածային մարդասիրութիւնը, որ գերհզօր եւ անպարտելի է, կը յաղթուի հոս:

Այո՛, այս դէպքը ունի իր երկու հերոսները: Առաջինը մարդն է` «Բարտիմէոս կոյրը», որ` «ճամբուն եզերքը նստած` կը մուրար»:

Երկրորդը Աստուածամարդն է` Յիսուս Քրիստոս, որ` «Երիքովէն կ՛ելլէր իր աշակերտներուն եւ մեծ բազմութեան մը հետ»:

Առաջինը, առանձին ու չքաւոր. լքուած էր իր բախտին, անտեսուած բոլորէն, «լուսանցքակեաց» մը` մեր արդիական սահմանումով եւ անգոսնումով:

Երկրորդը, գոնէ այդ ժամանակամիջոցին մէջ, շրջապատուած էր իր հետեւորդներէն ու հիացողներէն:

Առաջինը` Բարտիմէոս, իրաւացիօրէն կը տենչար տեսնել եւ ունենալ բարօր կեանք մը: Երկրորդը` Յիսուս, նոյնպէս կը տենչար բուժել բոլորը եւ օգնել բոլորին:

Մարդը, որ կ՛ուզէ տեսնել, առողջանալ: Աստուած, որ կ՛ուզէ դարմանել, բժշկել: Մարդը կը խնդրէ: Աստուած կը կատարէ: Առաջինը հաւատքն է: Երկրորդը Սէրն է:

Հոս, իր խօսքը գործադրող Սէրը յստակօրէն եւ անյետսկոչելիօրէն կը վստահեցնէ Իրեն հաւատացողներուն.«Խնդրեցէ՛ք եւ պիտի տրուի ձեզի: Փնտռեցէ՛ք ու պիտի գտնէք: Բախեցէ՛ք եւ պիտի բացուի ձեզի» (Մտթ. 7,7):

Յայտարարողը Բանն է, Խօսքը, որ Աստուած է, քանի ոչ միայն «ամէն բան Անով ստեղծուեցաւ», այլ նաեւ` «կեանքն Անով էր, եւ կեանքը լոյսն էր մարդերուն» (Յվհ. 1,3-4):

Դեռ աւելի՛. հարցը աստուածային է: Անոնք, «որոնք ընդունեցան Բանը եւ հաւատացին անոր Անունին», արժանացան «Աստուծոյ զաւակներ ըլլալու» (Յվհ. 1,12):

Դեռ աւելի՛. նաեւ անձնական է հարցը: Հաւատացողները` «մենք բոլորս առինք շնորհք շնորհքի վրայ անոր լիութենէն» (Յվհ. 1,16):

Դեռ աւելի՛. յատկապէս միշտ արդիւնաբեր է հարցը.«Խնդրողը կ՛ընդունի: Փնտռողը կը գտնէ: Բախողին կը բացուի» (Մտթ. 7,8):

Մարդասէր Իմաստունին հաւաստիացումն ապրողներէն մին եղաւ Բարտիմէոս, որ երբ իմացաւ, թէ քովէն անցնողը Յիսուս Հրաշագործն է, անդադար սկսաւ պոռալ. «Յիսու՜ս, գթա՛ վրաս»:

«Յիսուս» յունարէն բառաձեւն է, որ կու գայ եբրայեցերէնէն. իմաստն է «Եահվէ կ՛օգնէ», «Աստուած կ՛ազատէ»: Աստուածամարդուն ծնունդն աւետած Գաբրիէլ` «Տիրոջ հրեշտակը», մեկնաբանեց Մեսիային անունը.«Մարիամ պիտի ծնի որդի մը, զոր դուն պիտի անուանես Յիսուս, որովհետեւ Ա՛ն է, որ պիտի փրկէ ժողովուրդը» (Մտթ. 1,21):

«Յիսուս» անունին պիտի հաւատանք, որ կարենանք ապաւինիլ Յիսուսին, եթէ դուն, ես եւ ան` մենք կ՛ուզենք փրկուիլ ու ժառանգել յաւիտենական կեանքը (Յվհ. 3,18):

Մեր հաւատքով եւ ապաւինումով` թիրախ պիտի գիտնանք դարձնել Յիսուսի ամենատկար կողմը` սիրտը, «որ հեզ եւ խոնարհ» է, ինչպէս ալ մարդասէր ու բազմագութ է:

Սա իրողութիւնը, կարծես, Բարտիմէոս, «կո՛յրը», գիտցաւ, այսինքն հաւատքով տեսաւ, քանի առաջին աւետարանիչը կը շեշտէ. «Յիսուսի գութը շարժեցաւ» (Մտթ. 20,34):

Այս կը նշանակէ, թէ Յիսուս տեղի տուաւ, «կանգ առաւ» (Ղկ. 18,40): Իսկ հոս չգիտցողներուն, այսինքն հաւատքով չտեսնողներուն վրայ Յիսուսի գութը չի շարժիր:

Այս կը նշանակէ, թէ Յիսուս «հրամայեց, որ կանչեն զինք» (Ղկ. 18,40): Իսկ հոս չգիտցողները, այսինքն` հաւատքով չտեսնողները Յիսուս կանչել չի տար:

Ուշադրութի՛ւն: Յիսուս ամէն օր կ՛անցնի մեր քովէն թէպէտ, բայց եւ այնպէս ոչ իսկ կ՛անդրադառնանք մեր զբաղումներուն մէջ, որոնք մեզ աւելի կը մատնեն անտանելի հեւքերու եւ կը խոչնդոտեն մեր անդրադարձումը, մեր աղօթքը:

Խոչընդոտները միշտ կան եւ ամէն տեղ: Հոս ալ, Բարտիմէոսին համար, զոր «շատեր կը սաստէին, որ լռէր, իսկ ան դեռ աւելի կ՛աղաղակէր. «Յիսու՜ս, գթա՛ վրաս»:

Այո՛, ո՛չ մէկը եւ ոչ մէկ բան արգելք ըլլալու են մեզի` թէ՛ անդրադառնալու աստուածային Սքանչելարարին մօտաւորութեան ու թէ՛ յատկապէս հայցելու Հրաշագործին բարերար միջամտութիւնը:

Կարծես, որպէսզի կանգ առնէ մեր քովէն անցնող Մարդասէրը, կը ցանկայ լսել մեր հաւատաբորբ խնդրանքը, թէ` «Տէ՜ր, ողորմէ՛ մեզի», ինչպէս հաճելով Բարտիմէոսի յուսալից աղաղակներուն` Յիսուս կեցաւ ու կանչել տուաւ պահանջկոտ կոյրը:

Այո՛, մենք ալ այսպէս կամ այնպէս կոյր ենք, բայց պահանջկոտ չենք: Անկար ենք, բայց վստահութեամբ աղօթող չենք: Անոր համար կը մնանք մեր խեղճուկրակ տեղը:

Մինչ Բարտիմէոս «մէկ ոստումով ոտքի ելաւ եւ եկաւ Յիսուսի քով»: Իրապէս հաւատք ունեցողը չի ճանչնար տեղքայլ, կը յառաջանայ ու կը հասնի իր նպատակին:

Բոլորին աւելի լսելի դարձնելու եւ հաստատելու աղաչողին հաւատքը` Ամենագէտը կը հարցնէ կոյրին. «Ի՞նչ կ՛ուզես, որ ընեմ քեզի…»: Պատասխանը սրտաբուխ էր. «Աչքերս թո՛ղ բացուին»: Ալ ո՞վ չի պարտուիր ա՛յս հաւատքէն…: Աստուա՞ծ…: Այո՛:

Հոս ալ այժմէական դասեր առնելու ենք մենք` դուն, ես եւ ան, թէ կոչուած ենք նախ` հետաքրքրուելու Աստուծով, երկրորդ` ըլլալու ապրող վկաներ մեր հաւատքին, եւ երկրորդ` դառնալու եւ մնալու մունետիկներ Յիսուս Քրիստոսի անսպառելի ու բարեգործ մարդասիրութեան:

Դուն, ես եւ ան` մե՛նք աղօթենք ու մե՛նք ուզենք, որպէսզի մեզմէ իւրաքանչիւրին հաւատքը զօրանայ եւ դառնայ պարտադրող նաեւ Աստուծոյ` Մարդասէրի՛ն, որ միշտ յօժար է կրկնելու իր սփոփիչ ու փրկարար խօսքը.«Գնա՛, հաւատքդ փրկեց քեզ»:

Այնճար, 21 սեպտեմբեր 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.